- ԴՐՕՇԱԿ - https://www.droshak.am -

«Ազատ Օր»ի 20.000րդ համարի լոյս ընծայման առիթով

aknark [1]Յունաստանի հայկական գաղութը կ’անցնէ դժուար օրեր: Երկրի տնտեսական տագնապը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունի ինչպէս անհատական՝ նոյնպէս հաւաքական կեանքին վրայ: Այս ձեւի տագնապի մը մէջ անհատական եւ ընտանեկան հարցերու դասաւորումը բնականաբար կը խլեն առաջնահերթութիւնը. անհատին չափ կը տուժեն հաստատութիւնները, հասարակական գործերն ու յարաբերութիւնները՝ ընդհանրապէս:

exof [2]Իրեն յատուկ դժուարութիւնները ունի անշուշտ նաեւ «Ազատ Օր»ը, որ վերջերս լոյս ընծայեց իր 20.000որդ թիւին: Յունաստանի համեմատաբար փոքրաթիւ հայկական գաղութին համար օրաթերթի մը հրատարակութեան ձեռնարկելն անգամ քաջութիւն, տեսլական ու նպատակ ճառագայթող երեւոյթ է ինքնին: Իսկ տասնամեակներու ընթացքին անոր արձանագրած դիմադրողականութիւնը զարմանք ու հիացում պատճառող է անկասկած: Նոյն երկրին մէջ «Ազատ Օր»ի ծննդեան մօտաւոր թուականը ունեցող եւ ատենին հարիւր հազարաւոր տպաքանակով լոյս տեսած յունալեզու բազ- մաթիւ թերթեր շատոնց անցած են հրապարակագրութեան պատմութեան: Մնացած են միայն «Ազատ Օր»ի նման գաղափարական հենք ունեցողները: Այդպիսի ձեռնարկներու համար տնտեսական օգտապաշտութիւնը օրակարգի վրայ տեղ չունի: Անոնք իրենց գոյութեամբ իսկ եւ կարելիութեան սահմաններէն ներս կը նպաստեն հանրային առողջ կարծիքի ձեւաւորման. ընդհանրապէս՝ հանրային տեւական դաստիարակութեան: Թերթին թիկունք կանգնողները ահա ա՛յս հաւատքով յանձն առած են անոր անխափան հրատարակութեան համար անհրաժեշտ բոլոր զոհողութիւնները տասնամեակներու ընթացքին: Այստեղ տպաքանակ եւ ընթերցող ներու թիւ մեծ կարեւորութիւն չեն ներկայացներ. այնպէս ինչպէս կղզիացած գիւղի մը մէջ դպրոցի մը աշակերտութեան աննշան թիւը անոր գոյութեան հարցը չի կրնար խնդրոյ առարկայ դարձնել. չկայ դպրոցը, ատեն մը ետք չկայ նաեւ գիւղը: Իսկ մեր օրերուն թերթ, դպրոց ու գաղութ պահելը դժուար է, ինչպէս դժուար է պահել գիւղը:

Սակայն չչափազանցենք: Չեմ կարծեր, որ այսօր թերթի հրատարակումը ապահովելը աւելի անմատչելի ըլլայ, քան՝ անոր հրատարակութեան առաջին օրերուն: Ինչքան ալ դժուար ըլլայ մեր օրերու կացութիւնը, ան հեռուէն իսկ չի կրնար բաղդատուիլ քառամեայ ցեղապաշտ գրաւումէն հազիւ ազատագրուած եւ անմիջապէս եղբայրասպան պատերազմի արհաւիրքին մէջ մխրճուող արիւնաքամ երկրի մը ապրած առօրեայ մղձաւանջին. այս բոլորը՝ նիւթական ծայրահեղ աղքա- տութեան պայմաններու մէջ:

Հետեւաբար թերթը ատենին դիմացած է ու ներկայիս կը դիմանայ շնորհիւ իր անմիջական շրջապատի հոգատարութեան եւ գուրգուրանքին. անոր գաղափարակա՛ն հարստութեան, որ ամէն ինչ կարելի կը դարձնէ:

Թերթին իսկական դժուարութիւնը խորքին մէջ ընդհանրապէս մամուլի դիմագրաւած մեր օրերու հասարակաց դժուարութիւնն է, որ կ’առնչուի համացանցային հրապարակագրութեան երեւոյթին. անշրջանցելի իրողութիւն մը, որ լրջօրէն նկատի պէտք է առնուի ապահովելու համար մեր լրատուամիջոցի շարունակականութիւնը:

Մկրտիչ Մկրտիչեան
Պէյրութ, 17 Յունուար 2013