- ԴՐՕՇԱԿ - https://www.droshak.am -

«Նժդեհ». Նժդեհի Աքսորը

aknark [1]Վերջին շաբաթներուն, Լոս Անճելըսի մէջ քանի մը անգամ ցուցադրուեցաւ Հրաչ Քեշիշեանի բեմադրած եւ արտադրած «Նժդեհ» ժապաւէնը, զոր դիտելու առիթը ունեցանք անցնող շաբաթավերջին:

Մեր պատմութեան վերջին հարիւրամեակի ամէնէն բախտորոշ ժամանակահատուածը բաւական բարդ է ու բազմաշերտ: Կուսակցութիւններու հիմնադրութիւն, քաղաքական միտքի զարգացում, հայկական ազատագրական պայքար, Ցեղասպանութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութիւն, խորհրդայնացում, հերոսամարտեր, անկիւնադարձային դէպքեր ու դէմքեր, մէկ խօսքով` վիճելի եւ տակաւին չյստակացած խնդիրներով բաւական հարուստ ու միաժամանակ, ինչպէս ըսինք` բարդ ժամանակահատուած մը: Եւ Գարեգին Նժդեհ ապրած ու գործած է այդ ժամանակահատուածին մէջ ու կարգ մը պարագաներու ալ` որոշիչ դերակատարութիւն ունեցած:

Հոս պիտի փորձենք ծանրանալ նշեալ ժապաւէնի խորքային յատկանիշներուն վրայ, եւ միայն արագ հպումներ պիտի կատարենք շարժանկարի արուեստին առնչուող երեւոյթներուն:

ՆԱԽ` ԵՆԹԱՀՈՂԸ

Փաստ է, որ մեր պատմութեան այս ժամանակահատուածին մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, իր քաղաքական, մտաւորական թէ մարտական ակնառու դէմքերով, ըլլան անոնք երեք հիմնադիրները, Սերոբ Աղբիւր, Գէորգ Չաւուշ, Նիկոլ Դուման, Անդրանիկ, Ռուբէն, Սիմոն Վրացեան, Գարեգին Նժդեհ, Արամ Մանուկեան եւ տասնեակներով այլ ականաւոր դէմքեր: Այս բոլոր դէմքերը իրենց կնիքը դրած են այդ փոթորկոտ օրերուն հայութեան նաւը խութերէ, աւազախրումներէ եւ այլ փորձանքներէ հեռու պահելու ճիգերուն մէջ:

Հետեւաբար, նման առանցքային դէմքերու մասին ժապաւէն նկարել-արտադրելը կ՚ենթադրէ հերքիւլեան աշխատանք եւ անշուշտ` միջոցներ: Շարժանարի պատմութեան մէջ «Ռամպօ»ներ, կամ Չաք Նորիսի յիմարաբանութիւնները արտադրող-բեմադրողներու հաշիւը չկայ: Սակայն միայն Ռիչըրտ Աթենպորոն համարձակած է «Կանտի» նկարել, միայն Մուսթա‎ֆա Աքքատն է, որ յանդգնած է Օմար Մուխթարը պաստառ հանել:

Կրնայ ըսուիլ, որ Ռիչըրտ Աթենպորօ կամ Մուսթա‎ֆա Աքքատ իրենց ետին ունէին նիւթական մեծ միջոցներ: Ճիշդ է, սակայն միայն «մեծ միջոցները» բաւարար չեն: Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել «Մեր մանկութեան թանկոն», «Նահապետ», «Եռանկիւնի» եւ խորհրդահայ ‎ֆիլմարուեստի այլ հրաշալիքները, որոնք հոգիներ խռովեցին, հանդիսատեսի միտքն ու հոգին փոթորիկի բռնեցին… խեղճուկրակ համարուող պիւտճէներով եւ թեքնիք միջոցներով (այդ օրերուն համակարգիչ բառը կա՞ր արդեօք, չեմ յիշեր…):

Կարճ` եթէ Արեւմտեան ‎ֆիլմարուեստը ունի Աթենպորոներ կամ Էնթընի Քուիններ (Օմար Մուխթար), մենք ալ ունինք ենք Հ. Մալեաններ եւ Սօս Սարգսեաններ (Նահապետ), համահաւասար, նոյն հարթակին վրայ: Եւ շատ արդարօրէն:

Նժդեհի թեման ինքը մեծ, հսկայական ու մանաւանդ` տարողունակ է: Ինչպէս անգլերէն կ՚ըսեն` Larger than life, որովհետեւ կ՚ընդգրկէ պատմական չափազանց փոթորկոտ ժամանակահատուած մը` տասնամեակներու վրայ երկարող: Առաւել (ինչպէս վերը ըսինք եւ կու գանք բուն խնդրին), կ՚առնչուի անձի մը, որ իւրացուցած ըլլալով Դաշնակցութեան զարգացուցած-մշակած ռազմաքաղաքական մտածողութիւնը, իր անհատականութեան կնիքը դրած է իր օրերու դէպքերուն վրայ:

Կարճ` Գարեգին Նժդեհը, իբրեւ այդպիսին, ծնունդ առաւ Դաշնակցութեան քուրային մէջ, ծիլ արձակեց եւ պտուղ տուաւ ռազմաքաղաքական այն դպրոցին մէջ, որ ստեղծուած էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ: Կարելի չէ Նժդեհը անջատել-մեկուսացնել զինք ծնած կուսակցութեան գաղափարական-քաղաքական աշխարհէն, առնուազն մինչեւ 1930ական թուականներու սկիզբը:

ԲԱՅՑ Ո՞Ր ՆԺԴԵՀԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ «ՆԺԴԵՀ»Ը

1980ական թուականներու երկրորդ կիսուն, խորհրդահայ մամուլին մէջ սկսան երեւնալ հայկական ազատագրական շարժման հերոսներուն մասին ընդարձակ յօդուածներ (օրինակ` Գէորգ Չաւուշ), որոնք հանրութեան կը ներկայացուէին` առանց այն գաղափարական-քաղաքական աշխարհին, որուն ծնունդն էին նոյն այդ հերոսները: Այս մեթոտաբանութիւնը «հասկնալի» ըլլալով խորհրդային օրերուն, ամբողջութեամբ անըմբռնելի էր յետ-խորհրդային ժամանակաշրջանին:

Օրինակի համար, քանի մը տարի առաջ (եթէ չեմ սխալիր 2009ին) Հայաստանի մէջ պատրաստուեցաւ եւ հեռատեսիլէն սփռուեցաւ «Նեմեսիս» անունով վաւերագրական ժապաւէն մը, ուր լայնքին-երկայնքին կը նկարագրուէին հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը ծրագրած եւ գործադրել տուած ոճրագործներու (Թալաթ, Ճեմալ Ազմի, Սայիտ Հալիմ Փաշա եւ ուրիշներ) զգետնումը Սողոմոն Թեհլիրեանի, Արշաւիր Շիրակեանի, Միսաք Թորլաքեանի եւ այլոց կողմէ: Սակայն աւելի քան 50 վայրկեան տեւած այս ժապաւէնին մէջ, պատումի առանցքը հետեւեալն էր.- Թեհլիրեան, Թորլաքեան կամ Շիրակեան, զանգուածային ջարդերու վրէժը լուծելու համար, հետապնդեցին, գտան ու գետին փռեցին թուրք ջարդարարները: Այսքան «պարզ»: Ոչ մէկ խօսք այն մասին, որ այս արարքները արդիւնք էին քաղաքական մտածողութենէ մը բխած քաղաքական որոշումի մը. մտածողութիւն մը, որ Դաշնակցութեան ընդմէջէն, կը պատկանի ամբողջ հայութեան: Հետեւաբար, երբ Հայկական Արդարահատոյցը կը ներկայացուի զերծ` իր հարազատ քաղաքական միջուկէն ու բովանդակութենէն ու կը ներկայացուի իբրեւ սոսկ անհատներու նախաձեռնութիւն, այդ պարագային էապէս կը նսեմանայ անոր նշանակութիւնը: Նոյն այդ ժապաւէնէն կրնանք դիւրութեամբ եզրակացնել, որ հայութիւնը 1920ական թուականներուն ոչ գլուխ ունեցած է, ոչ ղեկավարութիւն, ոչ քաղաքական միտք մշակած է ոչ ալ մտածողութիւն, այլ պարզապէս եղած է խառնամբոխ մը, որմէ տարերային կերպով մէջտեղ եկած են Թեհլիրեաններ ու Շիրակեաններ:

Ինչ որ մեզ կը հասցնէ «Նժդեհ»ին, ուր հերոսը մեզի կը ներկայանայ «քոշըր» ձեւով, զերծ այն գաղափարական-քաղաքական աշխարհէն, որուն հարազատ ծնունդն էր ան: Պաստառին վրայ կը տեսնենք Նժդեհ մը, որ քաջ ու խիզախ զինուորական ըլլալով հանդերձ, կարծէք ինքնիրեն գետնին տակէն բուսած է: Բեմադրիչը թերեւս լուր իսկ չունի, որ Նժդեհը ռազմի ու խրամատի մարտիկ ըլլալէ առաջ, գաղափարի՛ մարտիկ էր, որովհետեւ գաղափարական այդ աշխարհն էր, որ մղում կու տար, ձեւ եւ ուղղութիւն կու տար ռազմադաշտի իր խիզախութիւններուն ու քայլերուն:

Ժապաւէնը զերծ է այդ գաղափարական աշխարհի կենարար աւիշէն, որ պաստառէն պիտի փոխանցուէր հանդիսատեսին: Այդ գաղափարական աշխարհն է, որ մանաւանդ այս օրերուն, դրամատիրական պոլշեւիզմի (այսինքն… համաշխարհայնացման, Globalization) յաղթարշաւին դէմ դնելու, անոր դիմադրելու, հայութեան ու Հայաստանի շահերուն առաջնահերթութիւն տալու մարտունակութիւնը պիտի ներշնչէ իւրաքանչիւր հայու, Հայաստան ըլլայ ան, թէ Սփիւռք:

Կրնայ ըսուիլ, որ սա գեղարուեստական ժապաւէն է, հետեւաբար… Կը յարգենք այս տեսակէտը, սակայն համամիտ չենք անոր, որովհետեւ արուեստը, մշակոյթը ընդհանրապէս, քաղաքական պայքարի ազդու զէնքերէն է: Մեր մշակոյթը մեր պաշտպանական համակարգին մաս կը կազմէ: Այնպէս որ, ինչքան կուռ ըլլայ ժապաւէնը իր խորքային թէ զուտ սինեմարուեստի առումով, այդքան ուժեղ կ՛ըլլայ անոր ներգործութիւնը:

«Նժդեհ»ի ներգործութիւնը, դժբախտաբար, մակերեսայինէն անդին չի կրնար անցնիլ, չանցաւ ալ, որովհետեւ զուրկ էր այդ յատկանիշներէն: Նաեւ այն պատճառով, որ հերոսը երբեմն պատկերուած էր զգացական չափազանցութիւններու մէջ:

ՔԱՆԻ ՄԸ ՆՇՈՒՄՆԵՐ ԵՒՍ

Զգալի է, որ բեմադրիչը ճիգ մը ըրած է ներկայ արհեստագիտութեան որոշ տարրերով օժտելու իր գործը: Օրինակի համար, թուրք զինուորի գլխատումի տեսարանը, կամ` Երեւանի Լենինի հրապարակը 1953ին, եւայլն: Սակայն, խնդրեմ, ըսէք, այդ ո՞ր բանակն է, որուն ռազմադաշտի վրանները սպիտակ են, ձիւնի պէս…

Կամ, ի՞նչ շահեցաւ ժապաւէնը Նժդեհի եւ ոմն տիկին Ոսկանեանի մը նաւու վրայ հանդիպումի տեսարանէն, որ ըստ իս կարելի էր շատ հանգիստ ձեւով մկրատել, մէկդի նետել (չնկարուէր` աւելի՛ լաւ):

Ժապաւէնը զերծ չէր նաեւ խորհրդային շարժանկարի դպրոցի թերութիւններէն, որոնց վրայ աւելցած էր նաեւ արդի սերիալներու ակնբախ կնիքը, թէ՛ բեմադրական եւ թէ՛ խաղարկութեան առումով: Շատ էին ծա՜նր-ծա՜նր, հռետորական, շեշտուած «պաթոսային» տեսարանները, որոնք գեղարուեստականօրէն ոչ մէկ արժէք ունենալով հանդերձ, վերածուեցան լողորդին վիզէն կախուած ջաղացքի քարի:

Օրինակ, առջինեկ զաւակին լուրին յաջորդած կերուխումը ու մանաւանդ` կերուխումէն ետք, Նժդեհի` կռնակի վրայ ձիւնին մէջ փռուելու տեսարանը, որ կարծէք ժամերով մնաց պաստառին վրայ ու այդ ձեւով ալ եղաւ ձախող նմանակումը Մալեանի նկարած այն տեսարանին, «Նահապետ»ին մէջ, ուր Նահապետին ծունկերը կթոտեցան, երբ Հայաստանի հողին վրայ ծնած իր երեխային առաջին ճիչը լսեց:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Նոյնիսկ գեղարուեստական գործերը պարտաւոր են յարգելու պատմական ճշմարտութիւնները, պարտաւոր են այդ պարունակին մէջ ներկայացնելու դէմքերն ու դէպքերը, գէթ` լայն գիծերու մէջ:

Րա‎ֆֆի կրնա՞ր «Սամուէլ»ը գրել, առանց մանրակրկիտ կերպով սերտած ըլլալու 5րդ դարու այդ դէպքերուն մասին մեր սկզբնաղբիւրները: Ռիչըրտ Աթենպորօ կրնա՞ր «Կանտի»ն բեմադրել, առանց Կանտիի մասին հարուստ գրականութիւնը սերտած ըլլալու: Կարելի՞ է Քրիստոսի մասին ժապաւէն բեմադրել` առանց Նոր Կտակարանը կարդացած ըլլալու: Ֆրանքօ Զե‎ֆիրելլի, որպէսզի պաստառ հանէր Jesus of Nazareth ժապաւէնը, ոչ միայն մանրակրկիտ ձեւով ուսումնասիրած էր չորս աւետարանները, այլ նաեւ այդ ժամանակաշրջանի պատմութիւնը: Այս մէկը ակնբախ է, երբ կը դիտենք 5 մասերէ բաղկացած այդ ժապաւէնը:

Հետեւաբար, Նժդեհի մասին ժապաւէն նկարելէ առաջ, շատ բան պէտք է կարդալ ու սերտել: Պէտք է սերտել Դաշնակցութեան ստեղծած-մշակած քաղաքական միտքը, մշակո՛յթը, որ մեզի կը ներկայանայ Քաջազնունիի «Ազգ եւ հայրենիք»ով, Ռուբէնի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակներ»ով ու մանաւանդ «Հայաստան միջցամաքային ուղիներու վրայ»ով, Վրացեանի «Կեանքի ուղիներով» շարքով ու բազում ուրիշներու գործերով:

Նժդեհի մասին խորհրդային Քա.Կէ.Պէ.ի ունեցած արխիւները երբեք բաւարար չեն իր մասին յաջող ժապաւէն պատրաստելու համար: Ուրի՛շ բան է պէտք, որպէսզի Նժդեհը երկրորդ աքսորի չենթարկուի, այս անգամ «Նժդեհ»ին մէջ:

Վաչէ Բրուտեան [2]

Վաչէ Բրուտեան

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Մարտ 11, 2013