- ԴՐՕՇԱԿ - https://www.droshak.am -

Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակի Հանդիսութեան Մկրտիչ Մկրտիչեանի Արտասանած Խօսքը

Meguerditch_1030151 [1]Ազատագրական պայքարի ասպարէզը նետուած հաւաքականութեան մը համար նահատակութիւնը, այսինքն գերագոյն զոհաբերումը հազուադէպ երեւոյթ չէ: Մանաւանդ Դաշնակցութեան նման գաղափարական կազմակերպութեան մը ուխտեալներուն համար զոհաբերութեան պատրաստակամութիւնը միշտ առկայ եղած է, մասնաւորաբար տաք պայքարի ժամանակներուն եւ` ոչ միայն, որովհետեւ զոհաբերութիւնը աւելի՛ ընդհանրական երեւոյթ է. ան միայն կեանքի նուիրաբերումը չէ. գաղափարական մարդոց համար զոհաբերումը ընթացիկ է նաեւ խաղաղութեան մէջ` նահատակութեան բնոյթ կրելու աստիճան: Սփիւռքեան պայմաններու մէջ, ատենին ընտանիքին համար հազիւ ապրուստ մը ապահովելու պայմանով, իր եւ իր ընտանիքին կեանքին համար աւելի լայն նիւթական ապահովութեան պայմաններ ստեղծելու կարելիութիւնը ունեցող ուսուցիչը, խմբագիրը, առհասարակ ազգային գործիչը տեւական զոհաբերութեան ներշնչող օրինակներ չէի՞ն միթէ: Հայ իսկական ազգային գործիչը տասնամեակներ շարունակ, առանց աւելորդ ակնկալութիւններու եւ անտրտունջ, իր ամբողջ կարողականութիւնը կը դնէր հաւաքականութեան տրամադրութեան տակ. կեանք ըսուածը կը մաշէր կամաւոր կերպով` առանց անձնական նպատակներ հետապնդելու: Ասիկա կեանքի գիտակի՛ց զոհաբերումի տեսակ է: Իսկ կեանքի բնախօսական զոհաբերումը ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ կամքէ անկախ` ի հարկ է նոյնպէս գիտակցաբար դիմագրաւուող վտանգներու թոհուբոհին մէջ: Անշուշտ գիտակցաբար ստոյգ մահուան գիրկը նետուիլը այլ` բարոյապէս յաճախ աւելի բարձր մակարդակի երեւոյթ է, քանի ան կը հակասէ բնութեան հիմնական` կեանքի ինքնապահպանման սկզբունքին. այստեղ գաղափարը դասուած է աւելի բարձր մակարդակի վրայ, քան` կեանքը ի՛նքը. պարագայ մը, որ շատերու համար անհասկնալի է, նոյնիսկ` եթէ «մահ իմացեալ անմահութիւն է». կամաւոր մեռնիլը բնականոն կամքի արտայայտութիւն չէ: Արժէք է` գերագոյն գաղափարի մը համար իր կեանքը զոհաբերելու պատրաստակամութիւնը, բայց ոչ` անպայման մեռնելու կամքը, որ յաճախ ախտաբանական պատճառներէ մղում կը ստանայ:

Այս իմաստով Սարգիս Զէյթլեանի կեանքը եղաւ ազգային կազմաւորման եւ ապա` հայոց ազգային նպատակներու իրականացման ի խնդիր ամէնօրեայ նուիրաբերումի 55 տարիներու ժամանակամիջոց մը, որ աւարտեցաւ իր կամքէն անկախ` դաւադիր մարդոց ձեռքով: Ատենին Մուսա Լեռէն պարտադրաբար Այնճար փոխադրուած գաղթական երեխան իր ազգային դաստիարակութիւնը կը ստանայ իր ընտանիքին, Այնճարի «Յառաջ» նախակրթարանի, Երուսաղէմի Ժառանգաւորացի եւ վերջապէս` Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մէջ: Ճեմարանը աւարտելէ ետք Սիմոն Վրացեանի յանձնարարութեամբ կը մեկնի Գահիրէ` իբրեւ ուսուցիչ Ազգային Գալուստեան վարժարանին մէջ: Միաժամանակ «Յուսաբեր»-ի խմբագրական կազմի անդամ է` Վահան Նաւասարդեանի, Գաբրիէլ Լազեանի եւ Բենիամին Թաշեանի գուրգուրացող նայուածքներուն տակ. շուտով պիտի ստանձնէ թերթին խմբագրութիւնը` առանձին: Վաթսունական թուականներու սկիզբը Լիբանան վերադարձին յաջորդաբար կը ստանձնէ իր գիւղի «Յառաջ» վարժարանի տնօրէնութիւնը` միաժամանակ վարելով Կարմիր Լեռ կոմիտէի ներկայացուցիչի պաշտօնը. աւելի ուշ կը վարէ Համազգայինի գործավարութիւնը, կը դառնայ «Ազդակ» թերթի խմբագիր: 1968-1972 ժամանակաշրջանին Սարգիս Զէյթլեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ է եւ ապա` անոր ներկայացուցիչը: Իսկ 1972-ին կ՛ընտրուի Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ. այդպէս ալ կը մնայ մինչեւ իր եղերական մահը: Կը վարէ ՀՅԴ Բիւրոյի օրկանի` «Դրօշակ»-ի նախ խմբագիրի, ապա` խմբագրապետի պաշտօնը:

1985-ի մարտ 28-ին կը սկսի Սարգիս Զէյթլեանի կեանքի վերջին հանգրուանի գողգոթան: Արեւմտեան Պէյրութի մէջ, Նշան Փալանճեան Ճեմարանի անմիջական դրացնութեան մէջ գտնուող փողոցի ամայի մէկ հատուածին մէջ զինեալներ զինք եւ իրեն ընկերակցող երիտասարդ ընկեր Կարօ Գոլանճեանը կ՛առեւանգեն: Լիբանանի օրուան Կեդրոնական կոմիտէն կը մտնէ ահազանգային վիճակի մէջ: Ժողովրդային եւ կուսակցական շարքերէն ներս յուզումը մեծ է, որովհետեւ մինչեւ այս դէպքը լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի գրեթէ տասնամեայ տեւողութեան դաշնակցական ղեկավարի մը հանդէպ նոյնանման վարուելակերպ միայն մէկ անգամ` շուրջ երկու տարիներ առաջ ընկեր Աբօ Աշճեանին հետ պատահած էր, ատիկա ալ Պէյրութի շրջանէն ներս օտար` գրաւող բանակի մը եւ բազմազգեան ուժերու ներկայութեան, ինչ որ ատենին այլազան մեկնաբանութիւններու առիթը կրնար ընծայել: Ներքին պատերազմի ընթացքին որդեգրուած քաղաքականութեան շնորհիւ` հայութիւնն ու յատկապէս Դաշնակցութիւնը լիբանանեան բոլոր կողմերու մօտ կը վայելէր բարձր վարկանիշ մը: Հետեւաբար տեղի ունեցած գործողութեան համար լիբանանեան որեւէ ուժի վրայ կասկածի բացակայութիւնը կրնար աւելորդ, ժամանակակուլ եւ միաժամանակ ապարդիւն հետապնդումներու առաջնորդել: Մէկ կասկածելի կար միայն բոլորին մտքին մէջ` ատիկա ալ Թուրքիան էր, որ այդ շրջանին ամէն տեղ սկսած էր հակահայ արարքներ կազմակերպել` իբրեւ հակադարձութիւն այդ ժամանակի հայ երիտասարդութեան Արեւմուտքի մէջ թուրք պետութեան դէմ կատարած գործողութիւններուն: Ընդունելի վարկած էր անշուշտ, բայց ինչպէ՞ս, ուրկէ՞ գտնել այդպիսի վարկած քիչ թէ շատ առարկայական իրականանութեան կապող կծիկին ծայրը:

Ժամանակը այսպէս կը թաւալէր` օրէ օր անձկութեան աստիճանը բարձրացնելով, երբ հայկական խմբաւորում մը ստանձնեց ամօթալի գործողութիւնը եւ սկսաւ սփռել իր կատարածը փաստող հրապարակումներ. անոնք իրական էին. ընկեր Զէյթլեան կը գտնուէր իրենց մօտ կամ, առնուազն, անոնք տեղեակ էին մեր ընկերոջ արգելափակման վայրէն եւ իրենց համար հասանելի էր ան: Օր մըն ալ տուեալ խմբաւորումը անակնկալ հրապարակեց ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի սպանութեան լուրը: Շատեր չհաւատացին, բայց ժամանակի երկայնքին տիրող բացարձակ լռութիւնը հետզհետէ համոզիչ դարձաւ:

Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ հետագայ այլ` նոյնքան հայավնաս գործողութիւններու դիմաց Դաշնակցութեան հակազդեցութիւնը եղաւ չափազանց պաղարիւն, անոնց մէջ ի շարս այլ նպատակներու տեսնելով մանաւանդ հայութիւնը անգամ մը եւս պառակտելու եւ այդ միջոցով` զայն տկարացնելու մարտավարութիւն մը: Անկախ լիբանանեան ներքին կռիւի վերաբերմամբ հայութեան որդեգրած առողջ ընթացքէն, միջազգային բեմին վրայ երկար բացակայութենէ ետք դանդաղ, բայց միաժամանակ վճռական քայլերով կրկին մուտք կը գործէր Հայկական հարցը: Իսկ Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակի առիթով կայացած հայութեան ներքին միասնականութեան խախտումը վստահաբար պիտի արգելակէր հայկական ազգային վերելքի այդ ընթացքը:

Ատեն մը ետք, երբ ընկերոջ մահը այլեւս ստոյգ էր, Դաշնակցութիւնը ՀՅԴ 25-րդ Ընդհանուր ժողովի բերանով հետեւեալ գնահատականը հրապարակեց ընկեր Ս. Զէյթլեանի մասին.

«Ս. Զէյթլեանը էր եւ կը մնայ մեր արժանաւոր ընկերը, որ նահատակուած է ՀՅ դաշնակցութեան վարած պայքարի պատնէշին վրայ` հակադաշնակցական մութ ուժերու ձեռքով, իր ընկերակից` Կ. Գոլանճեանի հետ միասին, առեւանգուելով եւ տմարդի կերպով ահաբեկման ենթարկուելով: Պայքարողի խրոխտ կեցուածքով, դաշնակցականի գաղափարական սքանչելի տիպարով եւ դաշնակցական մտքի դրօշակիրի փայլուն դիմագիծով, ինչպէս նաեւ իր գործով ու օրինակով, Ս. Զէյթլեան այլեւս մաս կը կազմէ դաշնակցական անմահ նահատակներու փաղանգին»:

Այո՛, ընկեր Սարգիս Զէյթլեան բառին բովանդակ իմաստով Դաշնակցութեան նահատակ է` թէ՛ իր ամբողջ կեանքը ազգային ծառայութեան տրամադրած ըլլալով, թէ՛ իր եղերական մահով:

Առաջին ակնարկով իսկ նկատելի է անշուշտ, որ Դաշնակցութիւնը իր նահատակներու շարքերուն մէջ գէթ սկզբունքային դասակարգում չի կատարեր: Դէպի Հատես առաջնորդող զոհաբերման սեղանին վրայ բոլորին իրաւունքները հաւասար են. նահատակը` նահատակ է. վերջակէ՛տ: Շարքային նահատակ զինուորը նոյնքան խոնարհութեան ու յարգանքի արժանի է, որքան կազմակերպական բարձրագոյն օղակի անդամը: Սակայն երբ խօսքը այլեւս անցեալ դարձած կեանքի ընթացքին կը վերաբերի, այդ պարագային, բնական է, աւելի բան կայ ըսելիք ղեկավար մակարդակի վրայ աշխատած ու արտադրած անհատին մասին, որովհետեւ անոր պատասխանատուութեան ծիրը իրերու բերումով շատ աւելի լայն եղած է. անոր նկարագիրը, աշխատանքին չափն ու որակը, արժէքը կամ հաւանական թերութիւնները անհամեմատ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունեցած են մեր կեանքին ու ճակատագրին վրայ: Այս պատճառով, կամովին թէ ակամայ, երբ կը խօսուի հաւաքականութեան մը նուաճումներուն կամ տկարութիւններուն մասին, առաջին հերթին անոր ղեկավարութեա՛ն կ՛ուղղուին գնահատականներն ու քննադատութիւնները: Մասնաւորաբար ժողովրդավար սկզբունքներով աշխատող հաւաքականութիւններու պարագային` իւրաքանչիւր ղեկավար անհատի գործը` բարդուելով իր գործակիցներու աշխատանքին կ՛արտացոլացնէ տուեալ հաւաքականութեան հարազատ պատկերը: Իսկ հայկական իրականութիւնը պատմական պատճառներով բարդ ըլլալով, նոյնքան բարդ ու դժուար եղած է հայոց ղեկավարութեան գործը: Հայ քաղաքական գործիչը պիտի ունենայ առհասարակ որեւէ քաղաքական գործիչի յատկանիշները` անոնց վրայ աւելցնելով իր ազգային նկարագրէն կամ իր պատկանած կազմակերպութեան ինքնուրոյնութեան պարտադրած այլ` նոյնքան կարեւոր յատկանիշներ:

Այսպէս, ներկայի տուեալներով,քաղաքական ասպարէզին մէջ աշխատողը պիտի ըլլայ աշխատունակ, քիչ թէ շատ ամբոխավար, ցուցամոլ, դիւանագէտ, ճարպիկ. ան պիտի ունենայ իր առջեւ անակնկալ կերպով ներկայացող առիթներէն անմիջապէս օգտուելու ունակաութիւն. ան, եթէ բոլորովին անձնակեդրոն չէ, պիտի ունենայ իր քաղաքական հաւաքական հաւատամքը, բայց պիտի ունենայ նաեւ իր անհատի անփոխարինելիութեան բացարձակ հաւատքը իր դէմ լարուող յաճախակի` այլոց եւ իւրայիններու կողմէ լարուող դաւերը դիմակայել կարենալու համար. ինքզինքին հանդէպ բացարձակութեան հասնող դրական կարծիքը զինք պիտի մղէ չէզոքացնելու իր արտաքին ու ներքին մրցակիցներն ու հակառակորդները. վերջապէս, ան ամէն ինչ պիտի ընէ իր դիրքն ու պաշտօնը ոչ միայն պահելու, այլ զանոնք աւելի՛ եւս բարձրացնելու համար: Ի դէպ, այսպիսի նպատակադրում եւ գործելաձեւ կրնան նպաստել անհատի վերելքին, սակայն աղէտալի հետեւանք կ՛ունենան առհասարակ հաւաքականութեան համար: Քաղաքական մարդու այս ընդհանրական տիպարը կը յատկանշէ իր գոյութեան գագաթնակէտին հասած կամ իր վայրէջքի ընթացքը թեւակոխած հաւաքականութիւն մը: Հայկական, բայց մանաւանդ դաշնակցական հաւաքականութիւնը հեռու է տակաւին իր նպատակներուն հասած ըլլալէ: Մեր քաղաքական մարդիկը պարտաւոր են տարբեր տեսակի յատկանիշներ ունենալ, յատկանիշներ, որոնք կարելի կը դարձնեն Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայկական հաւաքականութեան վերելքը:

Դաշնակցական ղեկավարի հիմնական յատկանիշը իւրաքանչիւր դաշնակցականի կանոնագրին մէջ արձանագրուած պայմանով իսկ սահմանուած յատկանիշն է` «ՀՅ դաշնակցութեան անդամ կրնայ ըլլալ բարոյական նկարագրի տէր եւ 18 տարեկանէն վեր ամէն անհատ, առանց սեռի խտրութեան, որ կ՛ընդունի Կուսակցութեան Ծրագիրն ու գործելակերպը, կ՛ենթարկուի անոր կանոններուն ու որոշումներուն եւ ամէն ջանք կը թափէ իրականացնելու զանոնք»: Որեւէ դաշնակցականի` դաշնակցական ղեկավարի՛ ալ մնացեալ յատկանիշները կը բխին դաշնակցականի այս ծննդական տարազումէն: Պարկեշտութիւն, հաւատարմութիւն, ճշմարիտի հանդէպ սէր, իր նմանին զօրակցութիւն, աշխատանք ու ինքնանուիրում` հասնելով մինչեւ անձնազոհութիւն: Խիզախութիւնն ու քաջութիւնը դաշնակցական ընդհարական յատկութիւններ են. անոնց կ՛ընկերակցի հարկաւ համեստութիւնը` յաղթանակի եւ յաջողութեան հպարտութիւնը կամովին ծածկելու բնածին առաքինութիւնը. դաշնակցականը շուքի մէջ մնալու տեւական փափաք ունի, հաւատալով, որ արժէքներն ու արժանիքները գործով իրենք զիրենք բաւարար չափով կը ցուցադրեն արդէն. դաշնակցականը կը բաւարարուի իր աշխատանքի յաջողութեան առթած գոհունակութեամբ` խուսափելով փառաբանանքի ակնկալութիւններէ, բացի եթէ ատիկա կը թելադրուի հաւաքականութեան շահերէն: Իսկ Դաշնակցութեան եւ դաշնակցականին ուժի գաղտնիքը իր բացարձակ կարգապահութիւնն է, նաեւ գաղտնապահութիւնը` այնտեղ, ուր անիկա անհրաժեշտ կը նկատուի:

Ամէն դաշնակցականի յատուկ այլեւ հանրածանօթ այս յատկանիշներէն զատ Դաշնակցութեան գերագոյն ղեկավարութեան շրջանակին պատկանողը պիտի ունենայ նաեւ այլ` իր կրած պատասխանատուութեան ծանրութեան համապատասխանող յատկութիւններ, որոնք զինք պիտի օգնեն իր աշխատանքը ձեռնհասութեամբ տանելու եւ իր առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակելու: Այդպիսի մարդու վրայ դրուած պայմանները ամբողջացնելու համար յաճախ կարելի է հասնիլ գերմարդկայինի սահմաններուն: Դաշնակցութիւնը այսօր աւելի քան երբեք համահայկական կառոյց է. իսկ եթէ նկատի ունենանք դաշնակցական իւրաքանչիւր շրջանի վրայ տեղական այլազան ու երբեմն հակադիր ազդեցութիւնները, անվարան կարելի է ըսել, թէ իր ենթակառոյցներու մշակութային տարբերութիւններու պատճառած մտայնութիւններու զանազանութիւնը նկատի ունենալով` Դաշնակցութիւնը միջազգային կառոյց է. այդպիսի կառոյցի մը ակնբախ առաւելութիւններով, բայց նաեւ` բոլոր անպատեհութիւններով: Հետեւաբար առկայ է յաճախ իրերամերժ քարոզչական մեքենաներու ենթակայ հաւաքականութիւններ իրարու հետ հաշտ պահելու դժուարութիւնը: Տեղական լուրջ ազդեցութիւններէ բխող մտայնութիւններու այս տարբերութիւնը չի դիւրացներ միջազգային կառոյցի մը ղեկավարումը, մանաւանդ երբ նպատակակէտերը համաշխարհային ոլորտին չեն պատկանիր, այլ անոնց մեծամասնութիւնը կը տեղաւորուի հայկական ազգային հարցերու պարունակին մէջ: Յատկապէս այս իրողութիւնը նկատի ունենալով` ղեկավարութեան վրայ դրուած պահանջներու թիւն ու որակային աստիճանը կը բարձրանան:

Այսպէս, լայնախոհութիւնը, անհատի հորիզոնի լայնութիւնը, նոր գաղափարներ յղանալու, բայց նաեւ` նոր գաղափարներ ընդունելու ունակութիւնը բարձր մակարդակի վրայ պէտք է գտնուի. անշուշտ համապատասխան պիտի ըլլայ միտքի զարգացումը. զարգացած պիտի ըլլայ հայկական հարցերու եւ հայութեան հետ կապ ունեցող խնդիրներու գիտութիւնը, ընդհանրապէս առկայ պէտք է ըլլայ համաշխարհային հարցերու խորքային ծանօթութիւն: Քաղաքական ու մարդկային փորձառութիւնը պիտի ըլլայ բաւարար` խօսակիցը դիւրաւ համոզելու ունակութիւնը ծայրագոյն աստիճանին հասցնելու համար:

Միտքի արագութիւնն ու յստակատեսութիւնը անհրաժեշտ են յարափոփոխ կացութիւնները ճիշդ գնահատել կարենալու համար, իսկ դիմացինին կարծիքները յարգելու, անոնց մասին մտածելու եւ ի հարկին անոնցմէ համոզուելու կարելիութիւնը միշտ բաց պէտք է ըլլայ` ենթակայ ներկայացուող փաստերէ եւ փաստարկումներէ յառաջացող վերագնահատումին: Յամառութիւնը վնասակար խորհրդատու է, բացի եթէ խորունկ համոզումներ կայացուցած ըլլալու հետեւանք է ան: Կարեւոր է արագ որոշելու կարողութիւնը` հարցի մը կարելի բազմաթիւ լուծումներէն մէկը հիմնաւոր կերպով արագօրէն ընտրելու ունակութեան տիրապետումը:

Ամէնէն կարեւորը, սակայն, միտքի անկախութիւնն է, իր կայացուցած համոզումը անտեղիտալիօրէն պաշտպանելու կամքը` առանց ազդուելու իր կեցուածքին արդիւնք իր անձին վերաբերող հաւանական ժխտական հետեւանքներէն: Ասիկա կ’ենթադրէ ներքին ու արտաքին ճնշումներու դիմադրել կարենալու չափ նկարագրի ամրութիւն:

Անմիջապէս հարցը կը տրուի անշուշտ. աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի՞ անհատ, որ այս բոլոր բարձրամակարդակ բարեմասնութիւնները իր մէջ կարենայ խմբել:Չափազանց հաւանական է, որ գոյութիւն չունենայ. կատարեալ դաշնակցական ղեկավարը, կատարեալ դաշնակցականը, ինչպէս կատարեալ մարդը միայն ձգտումի առարկայ կրնան ըլլալ. կարեւորը անհատին մէջ այդ ձգտումի առկայութիւնն է: Ասիկա՛ է թերեւսկազմակերպական գլխաւոր պատճառը, որ Դաշնակցութիւնը առաջին օրէն չէ՛ ուզած ունենալ ղեկավար, այլ` ղեկավարութիւն: Մարդկային անհատական տկարութիւններու եւ պակասներու սրբագրիչը հաւաքական ղեկավարութիւնն է, ուր մէկը կը չէզոքացնէ միւսին թերութիւնը. ուր անհատը կը հարստանայ եւ կ՛ուժեղանայ ամբողջով եւ իր կարգին կը հարստացնէ եւ կ՛ուժեղացնէ ամբողջը. ուր սխալելու հաւանականութիւնը անհամեմատ կը պակսի` հետեւելով վիճակագրական ուսողութեան անշեղ օրէնքներուն: Ներդաշնակ հաւաքական ղեկավարութիւնը Դաշնակցութեան դիմադրողականութեան գաղտնիքն է, որ հետեւողականօրէն անտեսած է հայոց ցաւալի պատմութենէն պայմանաւորուած տեղի յաճախակի եւ ժամանակի փոփոխութիւնները:

Ահա ա՛յս ակնոցով պէտք է դիտել դաշնակցական անհատ ղեկավարի կազմակերպական ու քաղաքական հանգանակը: Այս ակնոցով պէտք է դիտել նաեւ տարաբախտ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի կենսագրութիւնը, որուն հաշուեկշիռը անկասկած աւելի քան դրական է: Դժբախտաբար, մեզի համար, դաշնակցական կազմակերպական կառոյցն ու գործելաձեւը կ՛արտօնեն անհատ գործիչի միայն ժամանակաւոր ու նոյնիսկ մակերեսային արժեւորում մը, քանի արտաքին աշխարհին համար կատարուած գործին կարեւոր մէկ մասը պահուած կ՛ըլլայ միայն ապագային հրապարակելի արխիւներու մէջ: Սակայն իր ատենին արդէն հանրային սեփականութիւն էին Սարգիս Զէյթլեանի հատու գրիչի արտադրանքը, անոր մտահոգութիւններու կիզակէտը, անոր տեղափոխութիւններու հաւանական մղիչ ուժը, անոր նկարագրի գիծերը, անոր քաղաքական հաւատամքը. տեսանելի էր իր անհատականութեան շեշտուա՛ծ ինքնուրոյնութիւնը, հակառակ անոր որ ինք իր պաշտօններու իսկ բերումով պարտաւոր էր ներկայացնել հաւաքակա՛ն ղեկավարութեան` ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովներու եւ Բիւրոներու կարծիքներն ու համոզումները:

Սարգիս Զէյթլեան եղաւ անոնցմէ, որոնք հետեւած են աւելի պարտականութեան պարտադրած ուղիին, քան` իրենց անհատական նախասիրութիւններուն: Գործուղուած է Եգիպտոս` կրթական, կազմակերպական եւ հրապարակագրական աշխատանքի համար: Հոն իր գործը աւարտելէ ետք վերադարձած է իր գիւղը` Այնճար, այդտեղ յառաջացնելով արդիականացման նպաստող արմատական փոփոխութիւններ դպրոցի եւ գիւղի ընկերային ու տնտեսական բնագաւառներուն մէջ: Յաջողած ըլլալով իր նեղ շրջապատին մէջ` բոլորին կամքով ընտրուած է Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, յետոյ` անոր ներկայացուցիչը: Սարգիս Զէյթլեանի համալիբանանեան գործունէութեան քառամեակը յատկանշուած է կազմակերպական աննախընթաց վերելքով եւ հայութեան իրաւունքներու նոյնքան աննախընթաց ձեռքբերումով. այդ շրջանին լիբանանահայութիւնը գաղթականի իր յամեցող հոգեբանօրէն արգելակիչ կապանքներէն ազատագրուելով` կը սկսի գիտակցիլ իր քաղաքական ու քաղաքացիական իրաւունքներուն. լիբանանեան խորհրդարանի հայ երեսփոխաններու թիւը կը բարձրանայ: Սարգիս Զէյթլեանի պաշտօնավարութեան շրջանը եղաւ բեկումնային այն կէտը, երբ լիբանանահայը աղերսողի իր վիճակէն անցում կատարեց դէպի պահանջողի դիրքեր: Հայութեան շահերուն ի խնդիր անտեղիտալի պայքարող էր Սարգիս Զէյթլեան:Ան բախտը չունեցաւ տեսնելու Հայաստանի նորագոյն անկախութիւնը, որուն կը հաւատար հոգեկան ամբողջ իր ուժով. ան գործեց բացառապէս սփիւռքի մէջ, սակայն` կապ պահելով Հայաստանի մէջ արդէն ձայն բարձրացնելու սկսած ազգայնամէտ շրջանակներու հետ: Արեւելքի եւ Արեւմուտքի կռիւին մէջ ան ջահակիրն էր հայկական արեւելումի գաղափարին, որ աներկբայ դաշնակցական գիծ էր Ցեղասպանութեան 50-ամեակէն ասդին. 20-րդ դարու գաղափարաբանական կռիւին մէջ, միջազգային քաղաքական բեմին վրայ ձախի եւ աջի միջեւ ատենին տարուող բուռն պայքարին մէջ Սարգիս Զէյթլեան կը քարոզէր ըլլալ հոն, ուր գոհացում կը գտնեն հայութեան իղձերու իրականացման պահանջները. իր հրապարակագրական նպատակակէտը Հայ դատն էր, իր քաղաքական, հասարակական ու մշակութային բոլոր ստորոգելիներով: Սարգիս Զէյթլեան հաւատաւոր ու հաւատք ներշնչող գաղափարական մարտիկ էր:

Սարգիս Զէյթլեանի ամէնէն աչքառու յատկանիշը իր կազմակերպական ու գաղափարական խստապահանջութիւնն էր: Այս իմաստով` հանրային կեանքին մէջ որքան ալ բրտօրէն ճշգրիտ ու պահանջատէր ըլլար կազմակերպական իր յարաբերութիւններուն մէջ, նոյնքան քնքուշ ու բարեհաճոյ էր իր անմիջական շրջանակին հետ անձնական յարաբերութիւններու ընթացքին: Հաճելի խօսակից էր, սրամիտ ու կատակասէր:

Առեւանգումէն երեսուն տարիներ վերջ, հակառակ հայ հասարակութեան վկայած սպիտակ ու մոխրագոյն բոլոր վերիվայրումներուն, Սարգիս Զէյթլեանի թողած վէրքը կը մնայ բաց: Բաժանումին համար ո՛չ հրաժեշտի խօսք արտասանուեցաւ, ոչ ալ վերջին ողջագուրում տեղի ունեցաւ. գերեզման չկայ: Թելը կտրուեցաւ բրտօրէն եւ բոլորովին անակնկալ կերպով:

Բայց ի՜նչ փոյթ: Փոխարէնը` իր յիշատակը աշխարհագրական մէկ կէտով պայմանաւորուած չէ. ան ամէնուրեք է:

Պէյրութ, 23 հոկտեմբեր 2015