- ԴՐՕՇԱԿ - https://www.droshak.am -

Պատճառ ու հետեւանք

khmbagrakan [1]Դիւրին ժամանակաշրջանի մը մէջ չենք ապրիր դժբախտաբար: Ճիշդ է, որ հայութիւնը ասկէ շատ աւելի վատ պամաններու մէջ ապրած ու այդպիսի կացութիւններու մէջէն կրցած է այս կամ այն ձեւով ելլել ու վերապրիլ՝ առաւել կամ նուազ չափով կոտորակուելէ ետք: Սակայն հարցը վերապրելուն չի վերաբերիր, այլ՝ հայութեան համար ապահով ու բարօր կեանք մը ապահովելու գրաւին մէջ, միաժամանակ՝ հիմնաւոր կերպով իր նոր սերունդներուն ու ամբողջ աշխարհին փոխանցելով իր բռնաբարուած անժամանցելի իրաւունքներուն պատգամը եւ անոնց վերատիրանալու վճռականութիւնը:

Վերջին քսան տարիներու ընթացքին ազգովին ապրեցանք իրարու յաջորդող եւ իրարու հակասող հանգրուաններէ: Հայաստանի անկախութեան յայտարարութենէն անմիջապէս առաջ եւ ատկէ ետք ապրեցանք ազգային համատարած խանդավառութեան եւ հպարտութեան ժամանակաշրջան մը. հայութեան երկու մեծ հատուածները, Հայաստանինը եւ Սփիւռքինը, տասնամեակներու պարտադիր կղզիացումէ ետք իրարու հետ անկաշկանդ յարաբերութեան մէջ մտնելու պատեհութիւնը ունեցան. միասնական կերպով տարին ու յաջողութեամբ պսակեցին Արցախի ազատագրական պայքարը. իրարու ծանօթացան եւ գէթ մասամբ տեսան իւրաքանչիւրին առաւելութիւններն ու թերութիւնները : Գոյութիւն ունեցած է այն համոզումը, թէ Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան գործակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ ամրապնդել հայոց պետականութիւնը հզօրացնելով անոր կառոյցները:

Այսօր սակայն հոն չենք տակաւին: Ընդհակառակը համահայկական հասարակութիւնը ամենուրէք կ’անցնէ խորունկ հիասթափութեան հանգրուան մը. արդիւնք՝ հիմնականին մէջ հայրենիքի, մեղմ տարազումով մը արտայայտուելով, առօրեայ կեանքի բոլոր մարզերու չափազանց դանդաղ զարգացման եւ ապագայի հեռանկար ստեղծող լուրջ ձեռքբերումներու բացակայութեան: Յուսալի տարրերու Հայաստանէն շօշափելի արտագաղթը արդիւնքն է այդ հիասթափութեան եւ իր կարգին հիասթափեցնող է. մանաւանդ՝ որ արտագաղթողը կարօտնալու բնական ցաւի զգացումէն աւելի՝ ան իր հայրենիքին հանդէպ ոխո՛վ լեցուած կ’ըլլայ ընդհանրապէս:

Արտագաղթի մասին այսպիսի մատնանշումներ վերջին տարիներուն եղած են շատերո’ւ կողմէ. անոնց շարքին էին նաեւ իշխանութեան կարկառուն ներկայացուցիչներ. իսկ իշխանութիւնները անկասկած պատասխանատու են եթէ ոչ այս կացութեան ստեղծման, բայց առ նուազն՝ անոր յարատեւումին կամ վատթարացման: Անյետաձգելի հրամայական է այլեւս հայ քաղաքացին իր հողին ու իր հայրենիքին կապող նախաձեռնութիւններու որդեգրումն ու անյապաղ գործադրութիւնը. ո՛չ միայն մայրաքաղաքէն ներս, այլ նաեւ՝ գաւառական շրջաններու եւ մանաւանդ՝ սահմանամերձ գօտիներու մէջ: Առանց մարդուժի գոյութեան հայրենիք մը նուաճողի պէտք չունի նուաճուելու համար. կը փլի ինքնաբերաբար:

Հայաստանէն արտագաղթի առկայ խնդիրը առարկայական արտայայտիչն է երկրի բոլոր տկարութիւններուն. այդ տկարութիւնները իրարմէ անկախ չեն, այլ՝ մէկը միւսին յառաջացման պատճառ կը հանդիսանան: Հետեւաբար անիմաստ է արտագաղթը կասեցնելու, առաւել եւս՝ … ներգաղթ կազմակերպելու, ծրագիրներ կազմել արտագաղթի երեւոյթին հիմնական պատճառները չէզոքացնելէ առաջ. առանց այդ պատճառներու վերացման կամովին ներգաղթողն իսկ շատ արագ կերպով կը վերածուի արտագաղթողի:

Պէտք կա՞յ անգամ մը եւս յիշատակելու այդ պատճառները: Ցանկը երկար է՝ արդարադատութեան մարզի ընդվզեցուցիչ վիճակէն սկսած մինչեւ համատարած փտածութեան երեւոյթները:

Անշուշտ այսպիսի ախտերու վերացման հիմնական միջոցը իսկապէս ժողովրդավար հասարակութեան մը յառաջացումն է: Մեր հայրենիքէն ներս դժբախտաբար միակուսակցական դրութեան տապալումեն աւելի քան երկու տասնամեակ ետք ժռղովրդավարութիւնը չէ կայացած: Կայ անոր բառամթերքը, բացակայ է անոր գործնական ամրակայումը: Ասիկա մեծ դժբախտութիւն է, որովհետեւ վերջերս դրացի Վրաստանը այդ ուղղութեամբ հսկայ քայլ մը նետեց. առաջին անգամ ըլլալով խորհրդարանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկաւ ընդդիմութիւնը. բան մը, որ տակաւին ժողովրդավարութեան լրիւ հաստատման փաստ չէ անշուշտ, բայց ինքնին պատմական ձեռքբերում է ամբողջ կովկասեան տարածաշրջանին համար: Միւս կողմէ Ատրպէյճանը իր վառելանիւթային պաշարներու եկամուտին շնորհիւ սկսած է գրաւել միջազգային հասարակութիւնը Հայաստանէն աստիճանաբար խլելով մինչեւ իսկ աւանդական ռազմավարական գործակիցներ: Իսկ Հայաստա՞նը:

Հայաստանը ամէն տուեալ ունի Կովկասի մէջ գրաւելու հասարակական զարգացման առաջին դիրքերը նկատի ունենալով ընդհանուր հայութեան կարողականութիւնը: Անկախ իրենց քաղաքական գունաւորումէն Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են ստեղծելու այդ զարգացման համար անհրաժեշտ նախապայմանները: Ատոնցմէ առաջինը երկրէն ներս իսկական ժողովրդավարական վարչակարգի մը հաստատումն է, որպէսզի ժողովուրդը ո՛չ միայն զգացական կապերով, այլ նաեւ՝ առարկայական պատճառներով կապուած զգայ իր հայրենիքին: Ներկայի համաշխարհային քաղաքական բեմի տուեալներով հո՛ն է Հայաստանի անկախ պետականութեան ամրապնդման հիմնական բանալին:

Խմբագրական «Դրօշակ»ի
16 հոկտեմբեր 2012