Հրամայական անհրաժեշտութիւնը

khmbagrakanՈրեւէ հաւաքականութիւն ժամանակի ընթացքին, իր զարգացման հետ միասին, իր ենթակայական էութեան ու առարկայական կեանքի կարիքները հոգալու նպատակով կը կազմէ իր հաստատութիւնները. պետական կառոյց՝ իր բոլոր ստորոգելիներով, կրօնական հաստատութիւններ, կուսակցութիւններ, միութիւններ, մշակութային կեանքը հունաւորող մեծ ու փոքր միաւորներ եւայլն: Այդ հաստատութիւնները կը պահուին այն ակնկալութեամբ, որ անոնք այդ հոգածութիւնը պիտի փոխադարձեն ծառայելով իրենց ծնունդ տուող հաւաքականութեան: Ամէն հաւաքականութիւն եւ անոր կապուած հաստատութիւնները կ’ունենան իրենց ներքին յարաբերութիւնները կարգաւորող գրաւոր կամ աւանդութեամբ փոխանցուող օրէնքները: Այնքան ատեն, որ այդ օրէնքները բոլորին կողմէ կը յարգուին, կը պահպանուի անդորրը եւ տեղի կ’ունենայ առողջ ու դրական զարգացում՝ փափաքելի ուղղութեան մէջ: Իսկ երբ տեղի կ’ունենան օրէնքի խախտումներ, կը սկսի տագնապ, որ իր կարգին առիթ կու տայ օրէնքի նոր խախտումներու: Արդիւնքը կ’ըլլայ բախումնային վիճակ մը, որ գէթ ժամանակաւորապէս կը կասեցնէ զարգացումը. կրնայ նոյնիսկ քանդել մինչ այդ ձեռք բերուած նուաճումները:

Մեր օրերուն այդպիսի կացութեան մը ստեղծման նախանշանները կու տան մեր ազգային՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիի որոշ ենթակառոյցներ: Բաւական ատենէ ի վեր, համացանցի վրայ թէ մամուլի էջերուն մէջ, կը տեսնենք յօդուածներ, բաց նամակներ, այլազան գրութիւններ, որոնք կ’արծարծեն այս կամ այն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մասին հարցեր. անոնք անհատ եկեղեցականներու ընդմէջէն վստահաբար ակամայ՝ սակայն ինքնաբերաբար կը վարբակեկեն նաեւ դարերու կեանք ունեցող հոգեւոր հաստատութիւնը՝ Եկեղեցին: Այստեղ իրաւունքի հարցը չենք դներ, որ իր կարգին այլապէս կարեւոր է, այլ՝ ազգային հաստատութեան մը աստիճանական վարկաբեկման խնդիրը, որ ազգին համար կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ ապագային: Անկախ ներկայացուած խնդիրներու ճշմարտացիութեան կամ անոնց հետ կապուած փոխադարձ մեղադրանքներու արդարութեան աստիճանէն, անոնց ներկայացման ոճէն՝ հայ ժողովուրդը վարժ չէ այդ տեսակի հարցերու՝ այդպիսի՛ ձեւերով հրապարակային արծարծման: Ինչքան վարկաբեկիչ են կատարուող յարձակումները, նոյնքան խնդրայարոյց են հակայարձակումները: Ձիւնագնդակը նետուած է զառիվարի վրայ եւ հետզհետէ կ’ուռճանայ՝ քանդելու համար իր առջեւ ցցուող ամէն բանական արգելք: Եկեղեցիի նման հաստատութիւն մը, մեկնելով անխափան սիրոյ ու բացառիկ ազնուութեան վրայ հիմնուած իր իսկ դաւանած բարոյականութեան սկզբունքներէն ու չափանիշներէն, վստահաբար ուրիշ միջոցներ ունի՛ զանազան պատճառներով ստեղծուող իր ներքին հարցերը լուծելու: Հայկական հանրութիւնը չի ներեր իր հիմնական հաստատութիւններէն մէկուն հետ այսպիսի անփոյթ ձեւով վարուիլը: Ժամանակն է, որ ամէն ոք զգաստանայ, քանի տակաւին ուշ չէ:

Կը թուէր, թէ եկեղեցական հարցերու շուրջ վէճերը այլեւս ուրիշ ժամակներու կը պատկանէին: Այդ իսկ պատճառով հասարակութիւնը անակնկալի կու գայ եկեղեցական կեանքի ներքին վէճերու անհաճոյ այս դրսեւորումներով: ՀՅ Դաշնակցութիւնը բացառաբար աշխարհիկ կազմակերպութիւն ըլլալով հանդերձ Հայաստանեայց Եկեղեցին իբրեւ ազգային արժէք ընդունած ու նախանձախնդիր եղած է անոր բարձր վարկի պահպանման. ան յաճախ սուղ գին վճարած է պաշտպանելու համար մանաւանդ օտար ուժերէ անոր անկախութիւնը: Եկեղեցին ներքին վէճերու հետեւանքներէն փրկելը սակայն գլխաւորաբար իր ծառաներու՝ եկեղեցականներու գործը պէտք է ըլլայ, ապաւինելով իրենց պատասխանատուութեան զգացումին, ողջմտութեան ու պայծառամտութեան: Անշուշտ միաժամանակ հաւատալով՝ որ հաստատութիւնները անձերէն անդին ու վեր են:

Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին ենք. Թուրքիա արդէն երկար ատեն է, որ անհանգստութեան նշաններ ցոյց կու տայ: Հայկական որեւէ ներքին պառակտում, ինչքան ալ աննշան ըլլայ ատիկա, միջազգային բեմին վրայ պիտի նսեմացնէ հայկական դիմագիծը: Անիկա ուրիշներու կողմէ պիտի գործածուի նորածին համահայկական պահանջատիրութիւնը կրկին մոռացութեան գիրկը նետելու: Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններու գահակալները անցեալ տարի միացեալ հաղորդագրութեամբ պահանջներ ներկայացուցին ցեղասպան երկրի իրաւական ժառանգորդներուն: Ներկայ հանգրուանին եկեղեցական պատասխանատու պաշտօնատարներու կողմէ որեւէ կամայականութիւն ազգային անդառնալի վնասներու դուռ կրնայ բանալ:

Հետեւաբար ինքնազսպումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Հարցերը պէտք է լուծել հանդարտօրէն՝ երկխօսութեամբ ու մեր Եկեղեցին յատկանշող պատմականօրէն հաստատուած լրջախոհութեամբ:

10 Դեկտեմբեր, 2014

Տպել Տպել