Հայկական Արեւելում՝ Կամ Ազգային Գաղափարախօսութեան մը Փնտրտուքի Փորձ

hodvadzԴՈԿՏ. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՄՃԵԱՆ
Ներկայացվող հոդվածը, հեղինակի իսկ բնորոշմամբ. «Ազգային Գաղափարախոսության մը փնտրտուքի փորձ է»: Չհավակնելով մեկ հոդվածի սահմաններում տալու այդ «Փնտրտուքի» պատասխանները Կ. Մոմճյանը առաջարկում է նախ քննության նյութ դարձնել եւ հրաժարվել Եւրոպական պատմագրության այն կաղապարից, որի ակնոցով էլ դիտվել է Հայոց պատմությունը եւ բնորոշվել է վերջինիս գաղափարական էությունը: Չի կարելի չհամաձայնել, որ անկախ պետականության բացակայության պայմաններում հայ պատմագրությունը չէր կարող ենթակա չլինել գաղափարական ինչպես եւ քաղաքական մտակաղապարների: Հոդվածի հեղինակը, խոսելով «Ինքնուրույն պատմագրական պարադիգմայի մշակման» անհրաժեշտության մասին կատարում է մի շարք երեւույթների բնութագրումներ, որոնց կարծում ենք արժե ծանոթանալ, եւ որոնք կարող են հետաքրքրական լինել, այդ թվում, առաջարկվող կարեւոր թեմայի շուրջ քննարկումների դուռ բացելու առումով:

Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան զայն որակեց «սուտ գատեկորիա»: Օրին շշմեցանք ու վրդովեցանք, բայց եւ այնպէս ձգեցինք,որ հարցը անցնի ու գնայ: Այսօր արդէն աւելի քան քսան տարի անցած է,մեր վերջին անկախութեան ու ազգային գաղափարախօսութեան հարցը կը մնայ այն հարցերու շարքին՝ որոնց կը մօտենանք հաստկեկ ձեռնոցներով՝ այնպէս ինչպէս պիտի մօտենայինք զօրաւոր թթուներու:

Վերջերս այս հարցը սկսայ արծարծել իմ հրապարակային ելոյթներուս ընթացքին: Հետաքրքրական էր,  որ լսողներու մեծամասնութիւնը դրական մօտեցում կը ցուցաբերէր հարցի կարեւորութեան ու այժմէականութեան նկատմամբ ու հարց կու տար,որ ինչո՞ւ մեր մտաւորականութիւնը ընդհանրապէս լուռկը մնայ այս կարեւոր խնդիրը արծարծելու մէջ: Անդին կայ նաեւ փոքրամասնութիւն մը,որ իրմտահոգութիւնը կը ձեւաչափէ հետեւեալ կերպով.- Կլոպալիզացիայի (համաշխարհայնացումի) դարուն ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ ազգային գաղափարախօսութիւնը…

Ըսեմ որ այս գրութեամբ երբէք հաւակնութիւնը չունիմ հարցին լուծում կամ դարման գտնելու: Կատարածս պարզ վերլուծում մըն է ու մտքերը շօշափելու փորձ՝ տեսնելու համար որ մեր ակադեմական-մտաւորական շրջանակները պատրա՞ստ են ու փափաքը ունին այս հարցի քննարկման անցնելու:

Քննարկումը սկսելու համար կ’ուզեմ նախ մէջբերել Ազդակ-Շաբաթօրեակ/Դրօշակ-ի 1982-ի համարներէն մէկուն մէջ լոյս տեսած խմբագրականէ մը, որ օրին կ’արտացոլեր ՀՅԴ 19րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումները:Այն օրերուն, երբ տակաւին չկար Հայաստանի երրորդ հանրապետութիւն ու հետեւաբար հարցը կը դիտուէր Սփիւռքեան պրիսմակէն.-

Քաղաքական բոլոր արեւելումներուն մէջ ամէնէն ուղիղ եւ ամէնէն իմաստուն արեւելումը անկախ կամ ինքնորոյն արեւելումն է, կուսակցական, ազգային թէ պետական մակարդակի վրայ: Հայ ազգի պարագային ալ, բնականաբար, հայկական արեւելումն է:

Այս է այբբենգիմը, որ[մ]ով կը շարահիւսուին կամ կը կառուցուին ազգային, ազատագրական, կամ քաղաքական բոլոր միաւորներու եւ շարժումներու կեանքը, պատմութիւնն ու մարտավարութիւնը:

 Քաղաքական վարքագիծ մը, որ իբրեւ նպատակ եւ գործելակերպ, կը մեկնի տուեալ,  մեր պարագային հայ,ազգի գերագոյն շահերէն, կը զարգանայ այդ շահերու պաշտպանութեան միակ ուղիով եւ կը յանգի,պէտք է յանգի,նոյն գերագոյն շահերու ապահովման:

Անկախ, ինքնորոյն, հայկական արեւելումով մտածելը, ապրիլն ու գործելը հիմնական, վճռական նշանակութիւն ունի ոչ միայն քաղաքական կեանքի կամ ազատագրական պայքարի ճակատագրին վրայ, այլեւ գաղափարաբանական, լեզուա-մշակութային, գիտա-արհեստագիտական, տնտեսական կամ պատմա-փիլիսոփայական մարզերու մէջ հաւասարապէս…:[1]

Վերեւի բնութագրումէն մեկնելով է, որ կը սկսինք յօդուածի ճանապարճը, ուր տեղի նեղ սահմաններով հանդերձ, պարտաւոր ենք քննարկման ու վերլուծման նիւթ դարձնել թէ որո՞նք էին այն քաղաքական, ռազմական, ռազմավարական, կենցաղային, մշակութային ու այլ կարեւոր նախադրեալները, որոնք մեր ժողովուրդը առաջնորդեցին ու տակաւի’ն պիտի առաջնորդեն, իր հողին վրայ հայկական ազգային ինքնորոյն նկարագրի կերտման, իսկ միւս կողմէ,  պատմա-քաղաքական ի՞նչ պատճառներ արգելք հանդիսացան նման նախադրեալի չգոյանալուն…: Հարկաւոր է նաեւ,որ մեր մտքերը պարպենք դուրսէն մեր վրայ պարտադրուած կաղապարներէն ու այս հարցի վերլուծումը կատարելով բնութագրենք նաեւ թէ նման ինքնորոյն հայկական արեւելում ներկայ հանգրուանին ինչպիսի՞ հրամայականներ կը դնէ մեր առջեւ…

Մուտք

Այս յօդուածը կը նպատակադրէ բացատրել թէ հայկական «ազգայնականութիւն» (nationalism) ֆենոմենը ինչպիսի՞ զարգացում ապրեցաւ Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութիւններուն մէջ 19րդ դարու ընթացքին: Հարցը որուն պարտինք պատասխան տալ սա է.- Արդեօք այս «ազգայնականութիւն»ը Արեւմտեան (Western) իսկական հասկացողութեամբ լիիրաւ գաղափարախօսութիւն մըն էր, ոչ թէ «ազգասիրական» կամ «հայրենասիրական» (patriothic) կերտուածք մը, զոր ժամանակահատուածի երեք տարբեր կայսերական միջավայրերէն (օսմանեան, ռուսական եւ պարսկական) ծնունդ առած հայ յեղափոխական ու քաղաքական ինտելիկենցիաները փորձեցին  օգտագործել՝ հայկական հարցի հետապնդման ի խնդիր: Հետեւաբար հայկական «ազգայնականութիւն»ը «ազգասիրութ»ենէն ու «հայրենասիրութ»ենէն տարբերելը  կարեւոր տուեալ մըն է եթէ մեր նպատակը ինքնին այս գծով տիրող պատմագրութիւնը (historical paradigm) ուղղելու փորձ մըն է:

Եւ որպէսզի կարողանանք ի սկզբանէ չկապուիլ այս գծով տիրող արեւմտեան մեթոտոլոճիներու կամ կաղապարներու, որ հայկական «ազգայնականութիւն»ը պիտի ուզէր բացատրել միապաղաղ՝ իբրեւ թէ ան հիմնուած ըլլար հինէն եւ եթ եկած էդնիկական-կրօնական տուեալներու վրայ, որոնք 19րդ դարու երկրորդ կիսուն վերածուեցան այսպէս կոչուած սնուող եւ ուռճացող «ազգայնականութեան» հայ մտաւորականութեան մը արտադրած գրականութեամբ:Հոս ճամբան կը շեղենք,որպէսզի դուրս գանք Եւրոկետրոն այս մտածելակերպէն, որ իսկական բացատրութիւն չի կրնար տալ հայ «ազգայնականութիւն» արեղծուածին:

Իր հռչակ վայելող «Երեւակայական Հաւաքականութիւններ» (Imagined communities: Reflections on the Origins and Spread of nationalism) հատորին մէջ, Պէնէտիքթ Էնտըրսըն (Benedict Anderson) կ’ընդգծէ թէ.-

Եւրոպացի ակադեմականներ, վարժուած ըլլալով,որ ժամանակակից աշխարհի մէջ ամեն կարեւոր բան Եւրոպայէն ծնունդ առած է, շատ դիւրաւ կարճ ճամբան առին ընդգծելով որ Հունքարական, Չեխական, Յունական, Լեհական, եւն. ազգայնականութիւնները իրենց սկզբնաւորութիւնը առած են  էդնիկ-լեզուական մոտել-կաղապարէն: Ես իսկապէս ապշած էի,որ երբ «Երեւակայական Հաւաքականութիւններ» հատորիս առաջին օրինակը լոյս ընծայուեցաւ, անոր դէմ գրուած բացասական մեկնաբանութիւնները ցոյց կու տային, թէ այս եւրոպական մոտելը որքան խարսխուած է եւրո-կեդրոն մտածելակերպի վրայ…[2] 

Խնդիրը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ,որ Եւրո-Կեդրոն մոտելի ընտրութեամբ հայ «ազգայնականութիւն» տերմինը կարող է բացատրել իբրեւ արեւմտեան կերտուածք: Առանց ի նկատի առնելու հայ ժողովուրդի անցած պատմական հոլովույթի առանձնայատկութիւնները,որոնք ամբողջովին տարբեր են բուն իսկ  Եւրոպայի երկիրներու պատմական փուլերու հոլովույթներէն: Էնտըրսըն խորապէս գիտակից է այս հարցին ու կը մատնանշէ թէ.-

…Ազգ, ազգութիւն, ազգայնականութիւն տերմինները ցարդ փաստած են,որ իսկապէս դժուար կրնան բնութագրուիլ, տակաւին չըսելու համար վերլուծուիլ: Հակառակ ազգութիւն ըսուածին մեր ժամանակակից աշխարհին վրայ բանեցուցած հուժկու ազդեցութեան, զայն լաւապէս ու լիիրաւ կերպով բնութագրելու հաւանական փորձերը իսկապէս թիւով քիչ են: Հյու Սիթըն- Ուաթսըն (Hugh Seaton-Watson), զոր կարելի է ազգայնականութեան մասին անգլերէնով գրուած լաւագոյն ուսումնասիրութեան հեղինակը նկատել եւ անձ մը՝ որ ժառանքորդն է ազատ ու անկաշկանդ պատմագրութեան ու ընկերային գիտութեան, դժբախտաբար սապէս կ’եզրակացնէ.- «Ու այսպէս, ես պարտաւոր եմ հանքելու այն եզրակացութեան,որ ֆենոմենը [ազգայնականութիւն] գոյութուն ունեցած է ու պիտի շարունակէ ունենալ, սակայն անկարելի է անոր գիտական բնութագրում մը ներկայացնել»…[3]

Հետեւաբար, յստակ է որ եթէ Եւրոպան, իր իսկ ապրած պատմական հոլովոյթով տակաւին չէ կրցած ամբողջական բնութագրում մը տալ ազգայնականութիւն կոչուած ֆենոմենին, ապա ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել,որ այդ նոյն Եւրո-Կեդրոն կաղապարով պիտի կարողանայ բացատրել այլ ժողովուրդներու պամական փուլերը ու բացատրէ անոնց «ազգայնականութեան» փուլի առանձնայատկութիւնները: Հոս արդէն խնդիրը կը սկսի աւելի խոր դառնալ ու մասնագիտական վերլուծութեան կը կարօտի՝ բան մը, զոր պիտի փորձեմ կատարել յաջորդող բաժիններուն մէջ:

Արքայական Փուլ

Եւրոպական պատմագրութեան մէջ դէպի ազգայնականութիւն ու ապա ազգ-պետութիւն անցման գործընթացին մէջ հիմնական տեղ կը տրուի տարբեր երկիրներու անցուցած արքայական փուլերուն վրայ: Թէեւ Եւրոպացի ակադեմականներ փորձ կատարած են ու տակաւին կը կատարեն տարբեր արքայական դրոյթներու պատմական հոլովոյթները միացնել ու անոնցմէ միատեսակ մոտել մը յառաջ բերել, որը կաղապարը կը դառնայ Եւրոպական ազգայնականութեանց ու ապա ազգ-պետութեանց պատմական հոլովոյթները բացատրել, սակայն յստակ է,որ նման բան գրեթէ անկարելիութիւն է պարզ այն պատճառով որ, ինչպէս Եւրոպայի պատմութեան ծանօթ ոեւէ անձ պիտի համաձայնի, այդ ցամաքամասին վրայ չկան երկու արքայական ընտանիքներ՝ որոնց պատմական հոլովոյթը նոյնը ըլլայ: Ուր մնաց ուրեմն զանոնք մէկ հասարակ յայտարարի տակ առնելն ու անոնցմէ միակ տեսութիւն մը յառաջացնելը: Ստացուածը լաւագոյն պարագային կրնայ ըլլալ կոպիտ սխալներով լի տեսութիւն մը, որը նպատակին ծառայելու փոխարեն ճիշդ հակառակ հետեւանքին կը հանգի:

Կայ նաեւ երկրորդ հարց մը: Եւրո-Կեդրոն մտածելակերպը շարունակականութիւն կը տեսնէ արքայականէն դէպի ազգ-պետութիւն անցումին մէջ: Այսպէս Արքայական համակարգ, Ֆէոտալական կարգեր, Ճարտարարուեստի զարգացում ու քաղքենի դասակարգի ստեղծում, ազգայնականութեան խմորում, ու ապա ազգ-պետութեան կազմութիւն: Հոս խնդիրը կը բարդանայ մանաւանդ եթէ ի նկատի ունենանք որ կարգ մը ժողովուրդներու համար փուլէ-փուլ անցումային այս հայեցակարգը շարունակական չէ եղած, ինչպիսին է պարագան հայութեան, որուն արքայական/ֆէոտալական փուլը առնուազն հազարամեակով մը առաջ է Եւրոպականէն…[4]

Հայաստանի մէջ, ինչպէս էր ետքը եւրոպականի պարագային, արքայական փուլը կը յատկանշուէր արքայի բացարձակ (absolute) իշխանութեամբ առնուազն մինչեւ Արշակունեաց Հարստութեան առաջին կէսը: Առանց մանրամասնութեանց մէջ մտնելու, յայտնի է, որ այս կացութիւնը փոփոխութիւն ենթարկուած է ՄԹ 4րդ դարէն սկսեալ երբ մեր պատմագրութեան մէջ թագաւորը այլեւս երկրի բացարձակ իշխանաւորը չէ այլ կը ճանչցուի լատիներէն հասկացութեամբ իբրեւ՝ Primus enter Pares, այսինքն Առաջինը՝ հաւասարներու մէջ: Սա կը նշանակէ, որ նախորդ դարերուն թագաւորներու իսկ ձեռամբ աւագանու աստիճանին հասած հայ նախարարները, որոնք իրենց նախարարական կոչումները արդէն իսկ ժառանքականի վերածած էին, այլեւս չէին հանդուրժեր բացարձակ ուժով օժտուած թագաւոր մը: Արդէն ժամանակահատուածին ծանօթ ընթերցողը կրնայ կրահել որ Խորենացիին կողմէ մեզի հասած Գահնամակն ու Զօրանամակը, թէեւ կարեւոր պատմական փաստաթղթեր են, սակայն նաեւ կ’ընգծեն թագաւորի պաշտօնի տկարացումը ի հեճուկս նախարարներուն:[5] Այս շրջանին է նաեւ,որ ականատէս կ’ըլլլանք Հայաստանի պետկանութեան տկարացման ու ապա երկրի բաժանումներուն՝ Բիւզանդական ու Պարսկական կայսրութեանց միջեւ, ՄԹ 387 եւ 428 թուականներուն: Ընդգծելու համար ըսենք, ուրեմն, որ Հայկական արքայական դրութեան պարագային դարերու ընթացքին զարգացած նախարարներու կեդրոնախոյս դիրքը առիթ չտուին արքայական ընտանիքի կողմէ կեդրոնաձիք դրոյթի մը կազմաւորման: Այս երեւոյթը եւս հայկական մոտելը կը տարբերէ Եւրոպայի արքաներու խորամանկութեամբ եւ, հարկ եղած պարագային, բիրտ ուժիգործածութեամբ կեդրոնաձիք դրույթներ պարտադրելու: Այս գծով յատկանշական են Արշակ Բ (Արշակաւան)  եւ իր զաւկին՝ Բաբ թագաւորներու արքայական պաշտօնի ամրապնդման գծով թափած ճիգերը՝ որոնք սակայն, ինչպէս գիտենք, յանգեցան առաջինի դէմ դաւաճանութեան ու պարսիկներու կողմէ բանտարկութեան իսկ երկրորդի պարագային մինչեւ իսկ արքայազնի նախարարներու կողմէ ահաբեկման:

Օտարի լուծն ու գաղթի ֆենոմենը

Հայկական արքայական կեդրոնաձիք ուժի վերացման պայմաններուն տակ, հայկական աւագանին, որ անմեղ չէր թագաւորական հաստատութեան վերացման գործընթացին մէջ, փորձեց դէմ դնել 7րդ դարու գրեթէ կէսերուն Հայաստանի վրայ սկսած արաբական արշաւանքներուն: Յստակ էր, սակայն, որ այս մաքառումը չէր կրնար երկար տեւել կամ յաջող ելք ունենալ: Երկիրն ու ժողովուրդը պարտաւորուած էին օտարի ծանրլուծին տակ մտնել: Ի՞նչ եղան այս կացութեան հետեւանքները: Առաջին անգամ ըլլալով օտար, մահմետական ցեղախումբեր բերուեցան հայկական բարձրաւանդակի վրայ ու այսպիսով սկսաւ ֆենոմեն մը, ուր հայութիւնը իր հողը պիտի կիսէր իր կենցաղով, ապրելակերպով, մշակոյթով ու կրօնքով հայութենէն տարբեր ժողովուրդներու հետ: Նոյնիսկ 9րդէն 11 դարերու  միջեւ յառաջացող Բագրատունեաց հարստութիւնը չկրցաւ դէմ դնել այս օտարներու ներգաղթի ալիքիներուն: Բագրատունեաց թագաւորութիւնը, ինքնին ուշֆէոտալական շրջանի տուեալներու համեմատ տարանջատուեցաւ ու բաժան-բաժան եղաւ՛ իսկ անդին՝ վասալ թագաւորութիւններէն Վասպուրականի Սենեքերիմ թագաւորը համաձայնեցաւ իր պապենական հողը փոխանակել բիւզանդական Կայսրութեան մէջ իր ժողովուրդին հետ նոր օդեւան մը գտնելու: Հոս տեղն ու ժամանակը չունինք նման երեւոյթի մը մանրամասները քննելու: Կը բաւէ ընդգծել, որ նման բան ցոյց կու տայ թէ հայ իշխանաւորը որքանո՞վ կապուած էր իր հողին ու անոր պաշտպանութեան:

Աւելի խօսուն է Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութեան պարագան, որ իր կենցաղով ու կարգ ու սարքով հայկականէ աւելի կը նմանէր իր ժամանակակից Խաչակիրներու շրջանէն ներս հաստատած իշխանութեանց: Այլ խօսքով, հայ աւագանին ժողովուրդէն իսկ առաջ կը լքեր իր պապենական հողը ու այլ տարածքի վրայ կը փորձեր նոր փախտ որոնել…

Այս հարցը մեզ կը տանի հոն, ուր մենք պէտք է ընդգծենք, որ իր հայրենասիրական զգացումները մէկ կողմ դրած՝ հայը նախընդրած է գաղթել իր բնօրրանէն՝ Մեծ Հայքէն, հասնելով մինչեւ Խրիմ ու Արեւելեան Եւրոպա: Հարկ կա՞յ ըսելու, որ նման անճարակ փախուստով չէ որ հայրենիքները պաշտպանուին:

Անիի անկումէն ու թրքական իրարայաջորդ արշաւանքներու զուգադիպող արտագաղթի այս հոսքը պատճառ դարձաւ հայկական նոր «սփիւռք»ի մը  յառաջացման: Այս նոր միջավայրերուն մէջ ծագում առաւ հայրենասիրութեան մէկ նոր մոտել մը, որը հիմնուած էր «երեւակայական» հայրենիքի մը գաղափարին վրայ, որ որոշ կերպով քննարկուած է կարգ մը սփիւռքահայ պատմաբաններու կողմէ, բայց ոչ յագեցուցիչ կերպով ու տակաւին կը սպասէ զայն իբրեւ ֆենոմէն համապարփակ ուսումնասիրութեան ենթարկող հմուտ պատմաբանին:[6]

Այսուհանդերձ, տակաւին կային հայեր, որոնք մնացին իրենց հողին վրայ: Անոնց մէկ մասը, կամայ թէ ակամայ, մահմետականացան ու այլեւս դուրս եկան հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերէն: Հոս դէմ յանդիման կը գտնուինք հարցի մը հետ,որ առընչութիւն ունի ժամանակաշրջանի մեր պատմագրութեան ուղղութեան հետ: Սեդա Տատոյեանը վերջերս երեք հատորներ հրապարակեց «Հայերն Միջին Դարերու Իսլամական Աշխարհին Մէջ» ընդհանուր խօրագրին տակ:[7] Հարաւէն քիւրտ ու այլ իսլամական տարրերու Հայաստան բերուիլը արդէն հիմնական փոփոխութիւն բերաւ երկրի էթնիկական բաղադրութեան մէջ: Եթէ ասոր վրա աւելցնենք իսլամացած հայերու պարագան, արդէն նախակերպարը կը կազմուի պատմագրական նոր պարատիկմայի մը, ուր հայութեան նախորդ, ընդունուած արեւելումը, ու այդ գծով ցարդ գրուած պատմագրութիւնը, որ հայուն կը ներկայացնէ իբրեւ Արեւմուտքի քաղաքակրթութեան սուինի առաջատար ծայրը տարածաշրջանէն ներս, այլեւս ի զօրու չէ ու ան  այժմ պարտի դիտուիլ իբրեւ Միջին Արեւելքի միջնադարու բաղադրիչ տարր:[8] Այս հարցադրումները մեթոտաբանական դրոյթով ներկայացնելէ ետք, Տատոյեան հարց կու տայ որ արդիօք ժամանակը հասած չէ՞ այս նոր պատմագրական պարատիկման որդեգրելու, որ կրնայ նոյնիսկ այսօր հայութեան ու  անոնց պետականութիւնը բնութագրող Հայաստանի Հանրապետութեան տեղն ու դերը աւելը լաւ կերպով բացատրել անոնց ապրած տարածաշրջանէն ներս:

Գիտակից եմ, որ առաջարկածս դրոյթի փոփոխութիւնը իսկապէս խրդին է: Դարեր շարունակ կրօնա-քաղաքակրթական բազմապիսի կապերով ինքզինք Արեւմուտքին առընչուած տեսնող հայութեան համար այլեւս տոկմաթիկ դարձած Արեւմտեան արեւելումէն հրաժարիլն ու անոր փոխարեն Արեւելեան կամ նոյնիսկ տեղական (իմա՝ զուտ հայկական) մը ընդունիլը անաթեմա մըն է ինքնին: Տակաւի’ն պէտք է ընդքծենք, որ իրենց հարեւան ժողովուրդներն եւս, նոյնիսկ մահմետական, չունենալով  պատմագրական այլ պարատիկմա՝ իրենց պատմագրութիւնը մշակած են արեւմտեան մոտելի հիմունքով:  Մեր սերունդին համար այս հարցի նկատմամբ գիտակցութիւնը եկաւ երբ Էտուըրտ Սաիտ (Edward Said) 1979ին հրատարակեց իր հռչակաւոր «Օրիանթալիզմ» (Orientalism) հատորը,[9] ուր առաջին անգամ ըլլալով մերկացուց Եւրոպայի կողմէ այլ ժողովուրդներու վրայ գաղութատիրութեան ժամանակաշրջանին եւ եթ պարտադրուած պատմագրութեան արեւմտեան մոտելը ու առաջադրեց որ ժողովուրդներ իրենք իրենց օրինաչափութիւններով վերագրեն իրենց պատմագրութիւնները, որպէսզի զայն մաքրեն արեւմտեան մոտելի արատներէն:[10]

Եկեղեցին  իբրեւ «խնդրահարոյց» հաստատութիւն

Թէեւ հայկական եկեղեցին ֆէոտալական հաստատութիւն մըն էր, սակայն ան նախարարութեանց նման զինուորական ուժչէ ունեցած: Բայց անոր քաղաքական դիրքը եղած է հզօր: Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան կղերականութիւնը, ըլլալով զանազան նախարարական ընտանիքների անդամներէն, հետապնդած են իրենց պատկանած տոհմի շահերը:

Հետեւաբար, եւ ի հեճուկս իրենց հաստատութեան հոգեւորական բնոյթին, կղերական պետերը (Կաթողիկոսէն մինչեւ առաջնորդ սրբազաններն ու եպիսկոպոսները, միջամուխ էին Հայաստանի ներքին քաղաքական անցուդարձերուն: Տակաւի’ն, հայկական եկեղեցին ֆեոտալական շրջանի ամենահարուստ հաստատութիւններէն էր: Ան կալուածներ ունէր Մեծ Հայքի բոլոր նահանգներուն մէջ, ուր հազարաւոր ճորտեր հողին կապուած էին: Հետաքրքրական է որ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եկեղեցւոյ ֆէոտալական լուծին դէմ արձանագրուած են ապստամբական երկու դէպքեր: Թէեւ հայ պատմագրութիւնը լուտանք կը տեղացնէ այս ապաստամբներու գլխուն, այդ ակնկալելի է կղերական շարքերէն եկած պատմագիրներէն: Բայց եթէ այսօրուն սոցիալական չափանիշերով քննենք հարցը, պիտի տեսնենք որ թէ’ 7րդէն 8րդ դարերուն ծաւալած Պաւղիկեան ապստամբութիւնը եւ թէ’ 9րդէն 11րդ դարերուն արձանագրուած Թոնթրակեան շարժումը այլ բան չէին, եթէ ոչ խոր սոցեալական հիմքեր ունեցող ապստամբութիւններ, որոնք նաեւ շղարշուած էին կրօնական բարենորոքչական տուեալներով:[11]

Միւս կողմէ, Թոնթրակեան շարժումը իսկական »հակա-ֆէոտալական աղանդ կը նկատուի- որ զարգացաւ Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ 9րդէն 11րդ դարերու ընթացքին: Հիմնադիրը՝ Սմբատ Զարեհաւանդեցին կը քարոզեր նոյնիսկ եկեղեցւոյ ու անոր արարողութեանց ամբողջական վերացումը: Թոնթրակեանները ամբողջովին դէմ էին ֆէոտալական կարգերու ու նման մենաշնորհներու եւ ճորտերուն հողի ու ինչքի իւրացման իրաւունքը կը պաշտպանէին, ինչպէս նաեւ հաւասարութիւն՝ այր մարդոց ու կիներու միջեւ:[12]

Հիմնական հարցը,որուն պարտինք անդրադառնալ եկեղեցւոյ պարագային այն է, որ երբ հայկական քաղաքական ղեկավարութեան բացակայութեան եկեղեցւոյ վստահուեցաւ ժողովուրդի նաեւ քաղաքական ղեկավարութիւնը, ան կարողացա՞ւ իր վրայ դրուած գործը լիովին ու լաւապէս կատարել: Պատասխանը այնքան ալ դիւրին չէ: Եթէ վերը նշուած ժողովրդային ապստամբութիւնները նշան են եկեղեցւոյ ղեկավարութեան նկատմամբ տիրող զգացումներուն, ապա յստակ է,որ եկեղեցին ձախողած է հայ ժողովուրդը իր շուրջ համախմբելու: Իսկ եթէ ի նկատի ունենանք այն պարագան, որ նոյնիսկ նախարարական վերջին տուներու անկումէն ետք, երբ եկեղեցին քանի մը դար շարունակ մինակը ստանձնեց  հայութեան ղեկավարութիւնը, այդ շրջանէն չունինք մեր հայրենասիրութիւնը փայփայող որեւէ դէպք մեր պատմագրութեան մէջ: Եկեղեցին մնաց հարուստ հաստատութիւն նոյնիսկ օտար տիրակալներու տակ, երբ անդին հողը սակաւ առ սակաւ կը պարպուէր իր իսկական ժողովուրդէն: Պատմագրութիւնը դարձած էր «ողբ»երու կոյտ մը, իսկ ժողովուրդին խռատ կը տրուէր հնազանդիլ օտարին:

Եւ իբրեւ թէ այս բոլորը բաւարար չըլլար, Մայր Աթոռը եւս, գաղթականի ցուպը ձեռին կը լքեր Մեծ Հայքն ու ժողովուրդին մնացեալը, ու կը փորձեր նոր օթեւան մը գտնել «ֆրանկ»ներով շրջապատուած Կիլիկիոյ թագաւորու,թեան մօտ: [13]Հետեւաբար, ինչպէ՞ս բացատրել քաղաքական աւագանիէն ետք Հայաստանեայց եկեղեցւոյ բուն հայրենիքը լքելու ու տակաւի’ն հոն ապրող ժողովուրդը անտէր ձգելու նման քայլ…:

Ինչեւիցէ, 16րդ դարուն Հայկական Բաձրաւանդակը արդէն իսկ վերջապէս բաժնուեցաւ Օսմանեան ու Պարսկական կայսրութիւններուն միջեւ: Պէտք էր տակաւին մօտ երկու դար սպասել՝ նախքան հայրենասիրական նոր ծաղկումի մը առաջին ղողանչները լսելու…

Դաւիթ Բեկէն մինչեւ  Արեւելահայաստանի «ազատագրումը» Ռուսաստանի կողմէ

Այս յօդուածի նեղ սահմաններուն մէջ տեղ չունինք 18րդ դարու հիմնական հարցերու մասին մանրամասն խօսելու: Պիտի փորձեմ ամփոփել ու միտք բանին ներկայացնել:

Դաւիթ Բեկի ապստամբութիւնը Պարսկական լուծին դէմ մեծադառ գիրերով գրուած է մեր պատմագրութեան մէջ: Թէեւ դէպքը տեղական է ու սիւնիքի ու Ղարաբաղի սահմաններէն անդին չ’անցնիր, սակայն դարաւոր լռութենէ ետք հայու մարտական ոգիի վերափթթումը չէր կրնար ամբողջ ազգը չխանդավարէ:

Նոյն արժեչափով հայ պատմագրութիւնը դիտած է նաեւ Իսրայէլ Օրիի ու Յովսէփ Էմինի առաքելութիւնները ի Եւրոպա: Դարձեալ մանրամասնութեանց մէջ չմտնելով, երկու պարագաներուն ալ յստակ է, որ Եւրոպայի ժամանակուան արքաները միանշանակ մէկ խրատ տուած են թէ’ Օրիին ու թէ’ Էմինին.- Ձեր հարցը, այսինքն հայ ժողովուրդի ազատագրումը օսմանեան կամ պարսկական լուծէն (իմա՝ Հայկական Հարց) փնտրել Ռուսաստանի ցարին մօտ: Այսպէս է որ կ’սկսի հայկական հարցի ռուսական օրիանդացիան՝բան մը որուն քաղաքական ոլորտները կը շարունակուին մինչեւ օրս:

Երբ Օրին Ղարաբաղի մելիքներու նամակը 1701ին Մոսկվայի մէջ կը յանձնէր Ռուսաստանի Մեծն Պետրոս ցարին, արդէն յստակ էր,  որ արեւելահայութիւնը Ռուսաստանի մէջ կը տեսնէր իր ազատագրման հարկաւոր դաշնակիցը: Ի՞նչ էր Օրիի առաջադրած ծրագիրը, զոր ան գրեց ու յանձնեց ցարին, վերջինիս խնդրանքով: 18 կէտերէ բաղկացած «Մոսկովեան Տեղեկագիրը» կ’առաջադրեր 25,000անոց ռուսական բանակի մը արագընթաց դէպի Լոռի, Ղափան եւ Նախիջեւան յարձակումը, ուր անոր պիտի միանար հայ ապստամբ բանակ մը: Միասնական այս ուժը Արեւելահայաստանը պիտի ազատագրէր պարսկական լծեն ու Ռուսաստանի իշխանութեան պիտի յանձներ աշխահատարծք մը, որ հարուստ էր երկրագործական բերքով ու մետաղներու շտեմարաններով: Գրեթէ նոյնանման էր նաեւ Յուսէփ Էմինի առաջարկութիւնը:[14] Յստակ է անշուշտ,որ ռուսական նման արշաւանք իրականութիւն պիտի դառնար միայն 1804էն 1830 թուականներուն միջեւ՝ Պարսկաստանի դէմ երկու, իսկ Օսմանեան կայսրութեան դէմ մէկ պատերազմով:[15] Իբրեւ արդիւնք այս պատերազմներուն, Արեւելահայաստանը կազմող պարսկական չորս խանութիւնները (Երեւան, Նախիջեւան, Ղարաբաղ եւ Կիանճա [յետագային Ելիզավեթփոլ]) Պիտի անցնէին Ռուսաստանին, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենար բնակչութեան տեղափոխում, որուն հիմամբ հայութեան համեմատութիւնը զգալի աճ պիտի կրէր «ազատագրուած» տարածքներուն մէջ: 1850ականներուն, գրաւուած հողերը պիտի միացուէին՝ կազմելով «Հայկական Կուպերնիա»ն «Հայկական նահանգ):

Այստեղ պէտք է ընդգծել, որ  1830ին յառաջացած իրաւիճակով արեւելահայութեան ռուսական արեւելումը արդէն իսկ  իրականութիւն դարձած էր: Հայկական հողերու ազատագրումը կը հասկցուէր զանոնք դուրս բերել մահմետական լուծէն ու կցել Ռուսաստանին: Այսուհանդերձ, հայութեան քաղաքական, քաղաքակրթական օճախները բուն Արեւելահայաստանէն դուրս կը գտնուէին, յատկապէս Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ:

Անդին, օսմանեան լուծին ենթակայ Արեւմտահայաստանին մէջ, հայութեան ստուար մասը կ’ապրէր կայսրութեան արեւելեան վեց վիլայէթներուն մէջ, մեծ մասամբ հողագործութեամբ զբաղելով: Հայութեան քաղաքական ու քաղաքակրթական կեդրոնը մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսն էր, կային նաեւ կարեւոր համայնքներ այլ կարեւոր քաղաքներու մէջ, ինչպէս Իզմիր:

Հայկական զարգացած գաղութներ կային նաեւ Խրիմի եւ նոյնիսկ Մոսկուայի ու Սբ. Փիթըրզպուրկի մէջ: Այլ խօսքով, շուտով յառաջանալիք Հայկական զարթօնքի խմոռումները տեղի կ’ունենային բուն Հայաստանէն դուրս:

Օսմանեան կայսրութեան պարագային հայութիւնը կ’ապրէր կայսրութեւն բոլոր տարրերը կարավարող «Միլլէթ»ի դրութեան մը ներքեւ:[16] Մինչ քաղաքներու մէջ ապրող հայերու ֆիզիքական ապահովութիւնն ու ունեցվածքը պաշտպանուած էինսուլթանի կողմէ քրիստոնեայ տարրին նկատմամբ ցուցաբերուած «բարյացակամութեամբ», անդին, Արեւմտահայաստանը, ըլլալով կայսրութեան սահմանային շրջաններէն մին, ենթակայ կը մնար քիւրտ եւ չերքեզ ցեղախումբերու կեղեքման ու կը տառապէր կեդրոնական իշխանութեան ու օրէնքի տիրապետութեան բացակայութենէն…Ահա, Արեւմտահայոց վիճակուած այս տխուր իրավիճակն էր,որ հրամայականի պիտի վերածէր զարթօնքը…

Հայկական «Զարթօնք»ը

Մենք արդէն իսկ մեր պատումին մէջ յառաջացած ենք որոշ աստիճանի մը, ուր կրնանք ըսել թէ ցարդ մեր ներկայացուցած քննարկումի լոյսին տակ առ աւելի յստակ կը դառնայ,որ յօդուածի սկզբնաւորութեան մեր ընդգծած խնդիրը՝ այն,որ հայկական «ազգայնականութիւն» հասկացութիւնը չի համնընկնիր տերմինի արեւմտեան բնութագրման:

Դարձեալ ապաւինելով Պէնէտիքթ Էնտըրսընի օժանդակութեան հոս պէտք է ընդգծենք, որ «Երեւակայական Հաւաքականութիւններ»ու յարգելի հեղինակը ամբողջ գլուխ մը կը տրամադրէ ազգայնականութիւն, ազգ-պետութիւն անցումային փուլի ընթացքին իր խիստ կարեւոր նկատած տպագրական գիւտին ու   խօսակցական բարբառի տարածման գործընթացին: Էնտըէրսըն կը շեշտէ, որ մարդոց լուսաւորման առաջնորդող այս առանձքային գործընթացը  քանի մը դար խլեց Արեւմուտքի պարագային:[17] Այսպէս.-

20,000,000 հատորներ արդէն իսկ տպուած էին 1500 թուականին…1600 թուականին այդ թիւը հասած էր 200,000,000ի…Պատահական չէ որ հռչակաւոր անգլիացի ակադեմական Ֆրանսիս Պէյքըն կը հաւատար, որ «տպագրութիւնը առ հաւէտ փոխած էր երկրագունդի իրավիճակը…»[18]

Հետեւաբար, հոս եւս զարմանալի պիտի ըլլայ հաւատալ, որ Հայկական տպագրութիւնը, որը Վենետիկի ու ապա Վիէննայի Մխիթարեան հայրերով սկսաւ տպագրուած գիրքեր մատչելի դարձնել հայութեան, ու այդ ալ  շատ փոքր տպագրաքանակով, պիտի կարողանար նոյնանման դեր խաղալ ինչպիսին էր տպագրութեան դէրը Արեւմուտքի պարագային: Այսուհանդերձ, Մխիթարեաններու կողքին, տպագրական իմաստով հայութեան լուսաւորեալ դասին զարթօնքի գաղափարներով  օժտելու մէջ կարեւոր դեր խաղցան նաեւ Թիֆլիսը, Մոսկուան ու Սբ. Փիթըրզպուրկը: Կարելի չէ նաեւ մոռնալ այս գծով «Մատրասի Խմբակ»ի տարած կարեւոր աշխատանքը, յատկապէս «Նոր Տետրակ որ Կոչի Հորդորակ»ը որու հեղինակութիւնը վերագրուած է Մովսէս Բաղրամեանին եւ որ հայութեան կը վերաներկայացնէ իրենց պատմութիւնն ու արմատները, իսկ թերեւս ամենակարեւորը՝ թէ դէպի ո՞ւր կ’երթայ հայ ժողովուրդը այդ հանգրուանին (իմա՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր ապագան, մանաւանդ առանց ազգային պետական կառոյցի մը հովանիին ներքեւ ապրող սփիւռքեան գաղութներու պարագային): Աւելի զօրաւոր էր «Հորդորակ»ին յաջորդող «Որոգայթ Փառաց»ը, որ նոր իմաստ կու տար պետականութիւն հասկացութեան: Գրքի հեղինակն է Յակոբ Շահամիրեանը: Քանի մը տարի ետք կը յաջորդէ «Որոգայթ Փառացի» շարունակութիւնը, որ ընթերցողին կը ներկայացնէ ապագայ հայկական պետութեան մը սահմանադրութիւնը, որուն ազդեցութեան հիմնական աղբիւր կը ծառայէ 1770ական թուականներուն Անգլիոյ դէմ յեղափոխական շարժումի արդիւնքով ծնունդ առած նորաստեղծ Ամերիկեան հանրապետութիւնը  (իմա՝ ԱՄՆ):

Աւելին՝ Որոգայթի շարունակութիւնը յանձնարարութիւններ կ’ուրուագծէ սփիւռքեան գաղութներուն՝ իրենց կեանքը շարունակելու մինչեւ նման ժողովրդավարական հայրենիքի մը ստեղծումը: Յստակ է անշուշտ որ այս բոլորը, կարեւոր ըլլալով հանդերձ, քաղաքական մտքի մարզանք ըլլալէ անդին չանցան,մանաւանդ եթէ ի նկատի ունենանք,որ առաջադրուածը ժողովրդավարական հիմունքներու վրայ կառուցուելիք հայկական արդի հանրապետական կառոյց մըն է, տարածաշրջանի մը մէջ, ուր հայութիւնը կ’ապրէր միջնադարեան հնամաշ կայսերական (օսմանեան, պարսկական) կարգերու ներքեւ: Տակաւի’ն, գրութիւններու լեզուն կիսագրաբար ըլլալով այդքան ալ մատչելի չէր հանրութեան վարի շերտերուն: Պէտք էր սպասել քանի մը տասնամեակ եւս՝ մինչեւ խօսակցական բարբառով ու ազգային կամ հայրենասիրական թեմաներով գիրքերու հրապարակման:

Արեւելահայութեան պարագային, այս տիպի առաջին ռահվիրան հանդիսացաւ Խաչատուր Աբովեանը, որի գլուխգործոցը հանդիսացող «Վէրք Հայաստանի»[19] պատմա-վէպին մէջ առաջին հերթին հայութեան պանծալի անցեալը կը փառաբանէր.-

Ամենօրգերեզմանսառաջիստեսնումէի, ամենսհաթմահվանհրեղենսարըգլխիսպտտումէր, ամենրոպեիձերսիրտնուդարդըհոգիսէրում,մաշումէր. լսումէիձերքաղցրձենը, տեսնումէիձերսիրուներեսը, իմանումէիձերազնիվմիտքնուկամքը, վայելումէիձերազիզսերնուբարեկամությունը, մտածումէիձերկորցրածփառքնումեծությունը, մերառաջին, է՛նհիանալիթագավորաց, իշխանացգործքնուկյանքը, մերՀայրենյաց, մերսուրբաշխարքիառաջվանսքանչելիքնուհրաշքը, մերընտիրազզիաննմանբնությունըուարածքաջություններըՄասիս առաջիսէրկանգնածմիշտ, որմատովցույցէրտալիս, թեի՞նչաշխարքիծնունդեմես.դրախտը մտքումսէրկենդանի, որինձ, երազումթելուրջ, միշտմերերկրիանուննուպատվականությունըիմառաջսէրբերում. Հայկ, Վարդան, Տրդատ, Լուսավորիչ՝քնածտեղսէլինձասումէին, որեսիրա՛նցորդինեմ...[20]

Ապա, Աբովեան հայու մէջ ռազմական ոգիի տկարացման ու նոյնիսկ վերացման հիմնական պատասխանատուն կը նկատէր նոյնինքն հայ կղերը.-

Իմդուշմանսնրանցձեռըչընկնի, սաղսաղկուտենմարդի: Ինչասես՝նրանցիցդուսագալիս: Ավետարանըիրանքենկարդում, ժամուպատարագիրանքանում, մեզասում, թեմերասածնարեք, մերգործքինմեքնայիլ: Ախրի՞նչպեսչնայեմ, հոքոռչեմ, փաոքաստծու: Ինչճամփովորդուգնումես, եսէլէնճամփովըպետքէհետդգամ. տո՛, դուդուզգնա՛, որեսէլդուզգնամ, է՜. զոռիբանչի՛հո: Տո՛, դուխեցգետնիպեսծուռնեսեդում, ինձանիցպահանջումես, թեծուռըմիգնար: Առաջդուարա՛, hետոինձխրատտո՛ւր, է՜:[21]

Աւելի հախուռն ու շեշտակի էին Րաֆֆի գրութիւնները, որոնց պատմական նիւթը 1876-1878 Ռուս-Օսմանեան պատերազմն էր ու յատկապէս Պայազիտի հայութեան ջարդը:[22]

Յատկանշական է մանաւանդ «Ճելալէտտին»ի մէջ Րաֆիի կերպարներէն մին, նախապէս քահանայ ու ետքը ղաչախ[23] ու աւազակ՝ Տելի Պապայի  բերնով ներկայացուցած «բաժակաճառ»ը, որ ինքնին տիրող կղերա-քաղքենիական փտածութեան դէմ ահաւոր պոռթկում մըն է.-

«Ո՜վ հայրեր, ո՜վ պապեր, այս գաւաթը խմում եմ, բայց առանձ նւիրելու ձեր ոսկորներին: Եթէ դուք այս վանքերի տեղ որոնցմով լիքն է մեր երկիրը, բերդեր շինէիք,- եթէ դուք սուրբ խաչերի եւ անօթների փոխարեն, որ սպառեցրին մեր հարստութիւնը, զէնքեր գնէիք,- եթէ դուք  այդ անուշահոտութեանց տեղ, որ խնկում են մեր տաճարներում, վառոդ ծխէիք,- այժմ մեր երկիրը բախտաւոր կլիներ: Այլեւս քուրդերը  մեր երկիրը չէին քանդի, մեր որդիքը չէին կոտորի եւ մեր կանայքը չէին յափշտակի…: Այս վանքերից ծագեց մեր երկրի կործանումը, նրանք խլեցին մեր սիրտը ու քաջութիւնը, նրանք ձգեցին մեզ ստրկութեան մէջ, սկսած այն օրից, երբ Տրդատը թողեց իր սուրը եւ թագը, առեց խաչը եւ մտաւ Մանիա այրում ճգնելու համար…- Ո՜վ հայոց հին աստուածներ, ո՜վ Անահիտ, ո՜վ Վահագն, ո՜վ Հայկ. Նւիրում եմ այս բաժակը ձեր սուրբ յիշատակին, դուք փրկեցէք մեզ…:»[24]   

Եթէ Աբովեանի գրականութեան թիրախը Արեւելահայաստանն էր, Րաֆֆիով այդ թիրախը ընթարձակուեցաւ իր մէջ ներառնելով նաեւ Արեւմտահայաստանը: Սա կը նշանակէր,որ արեւելահայը նաեւ իր վրայ պարտք կը զգար ամբողջական հայրենիքի ազատագրումը: Այս կարեւոր հանգամանք մըն էր, որ իր գործնական հոլովոյթը պիտի ունենար յաջորդող յեղափոխական շարժման մէջ: Րաֆֆին, օրինակի համար, Մշակի մէջ սապէս կը բնութագրէր Արեւմտահայոց հարցի նկատմամբ Արեւելահայոց դիրքը.-

Մենք, որպէսսկզբումասացինք, դեռոչբոլորովինճանաչումենքմերտաճկաստանցիեղբայրներին, չըգիտենքինչբանիկարօտեննրանք, ևնրանցդրութիւնըիւրբոլորկողմերովդեռմեզյայտնիչէ. ուրեմնինչորգրենք, ինչորմտածենքնրանցմասին, բոլորըկըլինենթերի, միակողմանիևշատանգամանհիմնենթադրութիւններ։Պէտքէունենալճիշդտեղեկութիւններ։Պէտքէմեզհիմնուելխնդրիբարձրնշանակութեանվրայևհասկանալ, որպէսհարկնէ, նրանցպէտքերը, ևուսումնասիրելնրանցկեանքիևկացութեանբոլորէականգծերը, նրանցտնտեսականվիճակը, անցեալևներկայքաղաքականդրութիւնըևայլն։Բաւականչենմիայնեղբայրականզգացմունքներիարտայայտութիւններըկամազգասիրականդատարկցուցումներ, որվերջանումեննրանովմիայն, որողորմելիտաճկաստանցուհամարօդեղէնամրոցներենքստեղծում, մինչդեռնաիւրգլուխըդնելուևհանգչելուտեղչունի։

Մերմէջպէտքէկազմուիփոխադարձհասկացողութիւն։ՄենքդեռչունենքոչմիօրինաւորշարադրութիւնտաճկականՀայաստանիմասին։Միքանիհատուկտոր, չնչին, անիմաստյօդուածների՞նչլոյսկարողենձգելնրանցկեանքիվրայ։Մեզպէտքենկատարեալժողովրդագրական (էտնոգրաֆիական) տեղեկութիւններ, հիմնուածփաստերիվրայ, ոչմիայնհայերիկեանքըուսումնասիրելուհամար, այլևթիւրքերի, քիւրդերի, չէրքեզներիևբոլորցեղերի, որայժմՀայաստանումբնակուածեն։ՄեզպէտքենկատարեալաշխարհագրականտեղեկութիւններՀայաստանիազգաբնակութեան, արդիւնաբերութեան, տեղագրութեան, ճանապարհներիհաղորդակցութեանևնրաթէբնականևթէքաղաքականկեանքիմասին։Մեզպէտքենճիշդվիճակագրականևտնտեսագիտականտեղեկութիւններհայոցազգաբնակութեանմասինառանձնապէսևօտարցեղերիմասինընդհանրապէս։ՄեզպէտքենմինչևանգամգիտենալՀայաստանումբնակուողժողովրդներիմէջտիրողոգին, նրանցբնաւորութիւնները, ուղղութիւնը, ձգտումները, կրօնականևբարոյականզգացմունքները, միխօսքով, նրանցբոլորմտաւորևհոգեբանականկողմը։[25]

 

Հայ Յեղափոխական Շարժումն ու «Ազգային Ազատագրական Պայքար»ը

Մինչ արեւելահայութիւնը ռուսաստանի իշխանութեան ներքեւ հասած էր իր «ազատագրման», անդին արեւմտահայութեան պարագային 19րդ դարու կէսերէն սկսեալ հիմնական կարգախօսը բարենորոգումներն էին: Հայկական միլլէթի ներքին բարենորոգումներն իրականացան 1860ականներու սկիզբը ու  իբրեւ ներքին սահմանադրութիւն, վաւերացուեցան սուլթանին կողմէ:[26] Սա առիթ ընծայեց հայութեան լուսամիտ տարրին իր տեղը գրաւելու ամիրաներու ու կղերականներու տիրապետութեան տակ գտնուող Ազգային Ժողովէն ներս:

Աւելի’ն, շարժում յառաջացաւ կայսրութեան արեւելեան նահանգներու հայութեան ուսումնական կարիքներուն հասնելու՝ դպրոցական ցանցի մը շնորհիւ: Տակաւի’ն կար կեդրոնական կառավարութեան բարեփոխման հիմնական խնդիրը որու հիմամբ ան իր հովանին պիտի տարածէր հայաբնակ գաւառներուն վրայ ու ֆիզիքական ապահովութիւն բերէր: Հոս տեղը չէ օսմանեան բարենորոգումներու պատմագրութեան քննարկման: Կը բաւէ ընդգծել, որ այդ մէկը Եւրոպայի կողմէ պարտադրուած էր ու կը նպատակադրէր ոչ թէ պետական վարչամեքենայի իսկական բարեփոխումն ու զարգացումը, այլ նորանոր առիթներ կ’ընծայէր Եւրոպական պետութիւններուն օսմանեան «հիւանդ մարդ»ուն ներքին գործերուն մէջ աւելի եւս միջամուխ դառնալու: «Բարենորոգում»ներու իսկական հետեւանքներէն հանդիսացաւ նաեւ պետական ու պետական այրերու անհատական պարտքերը Եւրոպական պետութիւններուն ու անոնց դրամատուններուն, ինչ որ երկիրը առ աւելի մխրճեց անոնց ներքին մրցակցութեան մէջ: Աւելի’ն, «բարեփոխում»ներ  կոչուած արեղծուածը, որ պիտի յանգեր երկրի արդիականացման ու անոր իւրաքանչիւր տարրին քաղաքացիական իրաւահաւասար մակարդակ ունենալուն, չէր կարող իրականութիւն դառնալ նամանաւանդ աշիրաթական կարգ ու սարք ունեցող արեւելեան նահանգներուն մէչ՝ ուր կ’ապրեր հայութեան ստուար մասը: Հայութիւնը, սակայն, անիմաց ըլլալով այս քաղաքական ճամարտակութիւններն, իսկապէս հաւատացած ըլլալով բարենորոգումներուն, շուտով իրազէկ պիտի դառնար այս խափկանքին: Նոյնիսկ Միտհաթ փաշայի յառաջ քաշած առաջին սահմանադրութիւնն ու անոր հետեւանքով ընտրուած օսմանեան առաջին խորհրդարանը շուտով պիտի առկախուէին Ապտուլհամիտ Բ.ի միջոցաւ, որուն յաջորդող աւելի քան 30 տարուն կեղեքիչ ու ճնշիչ իշխանութիւնը իսկապէս անկարելի կացութեան պիտի մադնէր արեւելեան նահանգներու մէջ ապրող հայութիւնը:   Պէրլինի Վեհաժողովէն վերադարձող Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ Շերէփ»ի քարոզը խթան պիտի հանդիսանար ինքնապաշտպանութիւնը միակ ելքը ըլլալու իրազէկութեան:

          Հայ Յեղափոխական Շարժման ու անոր զուգորդուող հայ ազգային ազատագրական պայքարի խորքային քննարկումը կարելի չէ ներկայացնել սոյն յօդուածի սահմանափակ էջերուն մէջ: Այդքանը ընգծելու ենք սակայն, որ մինչ արեւմտահայ հատուածը կընթանար աւելի յեղափոխական կշռոյթով ու որոշ վայրերու մէջ յեղափոխական խմորումեր կը ցուցաբերեր,[27] իրականութեան մէջ յեղափոխական գործելակերպը հոն պիտի մտներ Արեւելահայաստանէն:

Թէեւ Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը իր ծրագրին մէջ ընդունած էր անկախ Հայաստանի մը հեռաւոր նպատակը, սակայն գիտակցութիւնը կար որ այդ բաւականին ուշ իրականանալիք իրականութիւն մը կրնար ըլլալ միայն: Գալով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, անոր պատմագիրը հետեւեալ ձեւով կը մեկնաբանէր հարցի էութիւնը, երբ կը գրէր 1878ի Պէրլինի վեհաճողովէն ետք ստեղծուած իրավիճակին ու անոր յաջորդող Հայկական Յեղափոխական Ղարժման ու Ազգային Ազատագրական Պայքարի Րեզոն Տէթրի մասին .-

Օսմանեան կայսրութենէն ներս Քրիստոնեայ ժողովուրդներու (յոյներ, րումանացիներ, սերպեր, մակեթոնացիներ, պուլկարացիներ) զարթօնքը վարակիչ ազդեցութիւն ունեցան հայութեան համար: … [Հայկական] Պատրիարքութեան  ու անոր ազգային մարմիններուն ամլութիւնը՝ երկրի ներքինի հայութեան համար բարենորոգումներ խնդրելու հարցով …բաւարար էին յեղափոխական խմորումներ ստեղծելու: Աւելի’ն, Հայ Ազգային Շարժումը խաղաղ ու բարենորոգիչ նկարագիր մը ունէր եւ կը ջանար հայերուն ապահովել այն՝ ինչ արդէն բնատուր կը նկատուեր կայսրութեան մահմետական տարրին համար: Ասոնք կ’ընդգրկէին.- Մարդկային արժանապատւութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւասարութիւն՝ սոցեալ, տնտեսական եւ կրօնական մարզերէն ներս: Եթէ հայերու մտքին մէջ գոյութիւն ունէր տեղական ինքնավարութեան որեւէ պահանջ՝ նման բան իր քաղաքական ու գաղափարախօսական յստակ շարադրումը չէր գտած տակաւին:[28]

Հոս պարտինք ընդգծել, որ Ռուսաստանը, ինչպէս բնութագրեցինք մեր ներածականին մէջ, հաւանաբար նաեւ իր շահերէն մեկնած, 1878ի Պերլինի Վեհաժողովին ընդունեց Անգլիոյ խորամանկ քաղաքականութեամբ իրեն հրամցուած Կարս-Արտահան-Պաթում հողաշերտը ու զայն միացուց իր Հայկական Նահանգին ու այդպիսով մոռցաւ թէ պատերազմի ընթացքին արեւելքէն յառաջացած էր մինչեւ էրզրում, իսկ արեւմուտքէն մինչեւ Սան Սթեֆանօ: Այլ խօսքով, Ռուսաստանը բաւականացաւ Այրարատեան դաշտի մնացեալը կցելով ու անտարբերութիւն ցուցաբերեց իր քանի մըամիս առաջ «հետապնդած» Հայկական հարցին: Չմոռնանք, որ նոյն պայմանագրի արդիւնքով Պալքաններու մէջ ստեղծուեցան անկախ Սերպիա ու թուղթի վրայ կիսանկախ,բայց իրողապէս անկախ Պուլկարիա: Հայկական Հարցի պարագային Ռուսաստանի նման դիւանագիտական քայլի դիմելուն պատասխանը կարճ ու մեկին էր ու պիտի խորիմաստ բառեր զգենուր1885ին Պուլկարիոյ կողմէ իր դէմ խաղցուած պլաֆին հետեւանքով, երբ կայսրութեան վարչապետ՝ իշխան Լոպանով, պիտի յայտարարէր.- «Մենք կարիքը չունինք հայկական Պուլկարիոյ մը»…[29]

 

1908ի Օսմանեան Երկրորդ Սահմանադրական Յեղափոխութեան յաջողութենէն ետք, հայ յեղափոխական շարժումը իր քաղաքական աշխատանքին առանցքը դարձուց կայսրութենէն ներս Օսմանականութեան (Ottomanism) իբրեւ քաղաքացիական գաղափարախօսութիւն ընդունուիլը, որովհետեւ կայսերական վարչակարգի մը ներքեւ նման գաղափարախօսութիւն հայութեան կ’ընծայէր անոր հետապնդած հիմնական պահանջքները՝ որոնք կը խտանային ֆիզիքական ապահովութեան, օրէնքի առջեւ հաւասարութեան եւ ունեցուածքի ապահովման մէջ: Սակայն, Պալքանեան Պատերազմներն ու Առաջին Աշխարհամարտը այս կացութիւնը թաւալգլոր պիտի դարձնէին ու հայութիւնը խստագոյն վնասով դուրս պիտի գար պատերազմէն…

Եզրակացութիւններ ու մատնանշումներ

Պատերազմի աւարտին յառաջացած անկախ Հայկական Հանրապետութիւնը կարճատեւ կեանք ունեցաւ (1918-1920): Ան հարկադրաբար մաս կազմեց նորաստեղծ Սովետական Միութեան ու կրցաւ իր անկախութիւնը վերակերտել միայն 1991ին՝ սովետական կարգերու փլուզումով:

Այսօր անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կտրած է աւելի քան 20ամեայ ճանապարհ: Սակայն, յստակ է,որ անոր առջեւ կը ծառանան հիմնական խնդիրներ,որոնք կը վերաբերին «ազգայնականութիւն», «ազգ-պետութիւն», հայ ժողովուրդի պատմագրութեան ինքնորոյն մոտելի փնտրտուք, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու ռազմական արեւելումի հարց: Այս նոյն հարցերը նոյնքանով – եթէ ոչ աւելիով-  ծառացած են նաեւ Սփիւռքի դիմաց, որը իր կարգին լինելիութեան ու ինքնութեան պահպանման կիզակէտային մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ:

Առաջին հերթին յստակցնեմ, որ ինչպէս յօդուածի սկզբնաւորութեան մատնանշեցի, մեր հիմնական հարցերէն մին «ազգայնականութիւն« եւ «ազգ-պետութիւն« տերմիններուն նոր բնութագրումններ գտնելն է: Սա կու գայ այն մտածումէն, որ եթէ կամովին պիտի հրաժարինք Եւրո-Կետրոն մոտելէն, որովհետեւ ան չի համապատասխանէր մեր պատմագրական պարատիկմային, ուրեմն պիտի կերտենք նորը: Հոս կանգնած ենք հիմնական խնդրի մը առաջ: Յստակ է,որ նոյնիսկ տեղական, զուտ հայկական իմաստով ազգ-պետութիւն յառաջացնելու գործընթացը բաւականին երկար գործընթաց մըն է եւ անոր նախապայմանն է անոր բաղադրիչ տարրին՝ հայ ժողովուրդին աշխարհագրական մէկ հնոցի մէջ դաստիարակելը: Նկատի ունենալով,  որ մենք ունինք սփուռք, ինչպէ՞ս պիտի լուծենք այս հարցը: Գիտենք,որ անկարելի է բոլոր հայութիւնը ինքնորոյն ազգ-պետութեան ուսումնական, ռազմական, ռազմավարական, կենցաղային, կուլտուրական, տնտեսական ու այլ կարեւոր չափորոշիչներու ներքեւ մէկ հնոցի մէջ դաստիարակելը: Ահաւասիկ իսկական ու բացարձակ առումով գերխնդիր մը, որ մեր մասնագէտներուն ուշադրութեան կը յանյձնուի՝ անոր գիւտարար լուծում կամ լուծումներ առաջադրելու:

Առաջադրուած ազգ-պետութեան ամենակարեւոր ուսուցանող առարկան ինքնորոյն պատմագրական պարատիկման է, որ ցարդ չենք կարողացած մշակել ու մեթոտաբանականացնել: Ի՞նչ կ’ենթադրէ նման պատմագրական պարատիկմա.-

  1. Հրաժարիլ այն հնամաշ վարկածէն, որ Հայաստանը Արեւմուտքի ամենաառաջացեալ մասն է Արեւելքի մէջ (այլ խօսքով՝  Արեւմտեան սուինի Արեւելքի փափուկ որովայնին մէջ խրուած սուր ծայրը):
  2. Եթէ տակաւի’ն կը հաւատանք, որ մեր ազգային պետութեան կերտման գործընթացին մէջ կարեւոր դեր վերապահուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, ապա ժամանակը եկած է վերարժեւորելու անոր ընդհանրական դերը մեր ընդհանուր պատմական հոլովոյթին մէջ ու մանաւանդ ծանրանալ այն ժխտական երեւոյթներուն վրայ, որոնք այսօր այս հաստատութիւնը բաւականին հեռացուցած են ժողովուրդէն: Պէտք է յեղաշրջել այս կացութիւնը ու այս յեղաշրջումը պիտի գայ դուրսէն, որովհետեւ եկեղը’եցին ինքն իր մէջէն նման փոփոխութեան ատակ ըլլալու նշաններ ցոյց չի տար: Կայ նաեւ այլ իրողութիւն մը, որ կարեւոր է մանաւանդ Սփիւռքի պարագային, ուր տասնամեակներու վրայ զայն տարանջատող ազդակներու շարքին եկեղեցական բաժանումը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ: Հոս եւս զօդման ու միացման կարեւոր գործ կայ կատարելիք, որուն ժամանակը եկած ու անցած է արդէն…:
  3. Ընդունիլ,որ Հայաստանը իր աշխարհագրական դիրքով ու նաեւ կենցաղային ու այլ չափորոշիչներով Միջին Արեւելքի մաս կը կազմէ ու այս տուեալներէն մեկնելով է,որ պիտի պատրաստէ իր պատմագրական նոր պարատիկման ու զայն ջամբէ նոր սերունդներուն: Թէեւ այս հարցի պարագային մեր ամբողջ պատմութիւնն է,որ ուսումնասիրութեան ու վերլուծման առարկայ պէտք է դառնայ, բայց կեդրոնացումը յատկապէս պիտի ծանրանայ հայ ժողովուրդի 1800էն ասդին պատմագրութեան վերարժեւորումին ու վերարտադրումին վրայ: Այս հարցը կը բխի նաեւ այն հրամայականէն, որ հայութեան դիմագրաւած 1915ի ցեղասպանութիւնը հետեւանք է պատմական նախադրեալներու, որոնց պատասխանը պարտինք գտնելվերը սահմանուած ժամանակաշրջանին մէջ՝ յատկապէս խորանալով հետեւեալ պատմական դէպքերուն մէջ.-

i.            Օսմանեան կայսրութեան մէջ «Թանզիմաթ»ի (բարենորոգում կամ բարեփոխում) ընդհանուր թղթածրարի ուսումնասիրութիւնը ու հայ Ամիրա ու Սարրաֆ դասակարգերու ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ լուսաւորեալ եւ ուսանած երիտասարդ խաւի ներդրումը այս իմաստով:

ii.            Եւրոպական պետութիւններու հակա բարենորոգչական քաղաքականութիւնը ու անոր ազդեցութիւնը՝ Օսմանեան կայսրութեան հայ եւ  Քրիստոնեայ այլ փոխրամասնութիւններուն վրայ:

iii.            Զարթօնքի տարբեր եղանակներու ընձիւղման պատճառականութիւնը հայութեան  Արեւելեան ու Արեւմտեան հատուածներուն մէջ:

iv.            Հայ Յեղափոխական Շարժման ու Ազգային Ազատագրական Պայքարի պատճառաբանութիւնն ու առաջադրանքները ու այդ իմաստով Արեւմուտքի ու Ռուսաստանի խաղացած երկդիմի քաղաքականութեան նպատակները: Հիմնական հարցերէն մին որ պէտք է պատասխանուի այն է, թեայս շարժումները ինչո՞ւ ժողովրդային լայնածաւալ ակտեր չդարձան եւ ինչո՞ւ մնացին փոքրաթիւ էլիթի մը սաղմին մէջ…: Արդեօք այս հանգամանքը աղերս ունի՞ մեր այսօրուն իրավիճակին հետ…:

v.            Համիտեան ջարդերէն մինչեւ Ատանայի ջարդերն ու իւրաքանչիւրին ինքնորոյն պատճառաբանութիւնը:

vi.            Հայ-Երիտասարդ Թուրքեր համագործակցութեան պատճառականութիւնն ու 1908ի Օսմանեան Սահմանադրական Երկրորդ Յեղափոխութիւնն ու օսմանականութեան (ottomanism) գաղափարախօսութեան ձախողութեան պատճառներն ու թրքականութեան (turkism) յառաջխաղացի պատճառները:

vii.            1907են ետք (Պարսկական Սահմանադրական Յեղափոխութեան սկզբնաւորութեան) Ռուսաստանի կողմէ հայութեան նկատմամբ «բարեկամական» քաղաքականութեան փոփոխութիւնն ու քրտամետ քաղաքականութեան որդեգրումը:

viii.            1912ին ռուսաստանի քաղաքականութեան կրած փոփոխութիւնն ու հայկական բարեփոխումներու անգամ մը եւս հակոտնեայ մէջտեղ նետելը ու այդ քայլի ազդեցութիւնը հայ-երիտթուրք յարաբերութեանց վրայ, ու ապա

ix.            1912-1913 Պալքանեան պատերազմներն ու անոնց ազդեցութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան վրայ:

  1. Երրորդ կէտէն կը բխի այն մտածելակերպը, որ Հայաստան իր պատկանած տարածաշրջանին մէջ պիտի փնտրէ իր ապագայ ծաղկումն ու բարգաւաճումը: Սա բաւականին խրդին հարց է նկատի ունենալով,  որ այս հանգրուանին Հայաստան շրջապատուած է երկու թշնամի դրացիներով: Սակայն, ատկից անկախ, Հայաստան կարելիութիւններ ունի բազմապիսի յարաբերութիւններ մշակելու անոնցմէ անդին գտնուող պետութիւններու հետ: Կարեւոր է մանաւանդ Իրանը,որու հետմեր ժողովուրդը հնադարեայ ժամանակաշրջաններէն ի վեր կրօնական, կենցաղային, կուլտուրական ու այլ կապեր ունեցած է ու այսօր ալ իբրեւ բարեկամ երկիր ու շրջափակման ենթակայ Հայաստանի մատակարարման հիմնական ու ապրանքներու ներածման կարեւոր գործերակ կը մնայ ու պիտի մնայ անկասկած: Կարեւոր են նաեւ արաբական աշխարհն ու կեդրոնական ասիան, իսկ շուտով (եթէ ոչ արդէն իսկ սկսած է) հիմնական կարեւորութիւն պիտի ստանայ քիւրտ ժողովուրդն ու ապագայ քիւրտիստան մը: Այլ խօսքով, Հայաստան կ’ապրի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր Միջին Արեւելքի սահմաններն հեղհեղուկ վիճակի մէջ են ու պէտք է խիստ ուշադիր, զգօն ու պատրաստ ըլլալ ապագայ իրադարձութիւններուն:
  2. Հայութեան վերջին երկու հարիւր տարուան պատմութիւնը կը թելադրէ, որ մեր երկրի արեւելեան մասի «ազատագրման» գործին մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած է Ռուսական վարկածը: Սա չի նշանակէր, անշուշտ, որ Ռուսաստանը մեր սեւ աչքերուն համար կատարած է այն ինչ որ կատարած է, բայց կը նշանակէ որ հայ-ռուսական ռազմական ու ռազմավարական գործակցութիւնը եղած է ու կը մնայ մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի ապահովութեան հիմնական կռուաններէն մին ու է նոյնիսկ այսօր:
  3. Ռուսական արեւելումը արդիօ՞ք կը նշանակէ ամբողջովին հրաժարիլ Արեւմուտքի հետ յարաբերելէ: Անշուշտ ոչ, մանաւանդ,որ վերջին տասնամեակներուն հետզհետէ հզօրացող տնտեսական ինտեկրացման պայմանները նման բան աւելիով կը խթանէն: Ինչպէս վերը նշեցինք,մենք այսօր ռուսական արեւելումի պահանջը ունինք՝ապահովական իմաստով: Նման հարցով Արեւմուտքին ապավինիլը երկիրն ու ժողովուրդը կը դնեն վտանգներու առջեւ,որոնցմէ պարտինք կարելի եղած չափով խուսափիլ այս հանգրուանին: Վերջապէս պատմական փորձը նաեւցոյց տուած է, որ Եւրոպայի համար մենք իր քիթին տակ եղող Պալքանները չենք եղած երբեք:
  4. Եթէ մենք որոշակի կարեւորութիւն կ’ընծայենք հայ-ռուսական գործակցութեան, սա փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած ռազմավարական դաշինք մըն է ու, հետեւաբար, փոքր գործընկերոջ կարծիքը կարեւոր է նման դաշինքի ապագայ ուռճացման համար:

Հոս փակագիծ մը բանալով կ’ուզեմ խօսիլ այն հարցի մասին որմով սկսայ յօդուածս: ակնարկութիւնը Զօրի Բալայանի գրած նամակին ու անոր դէմ արձանագրուած պատասխաններուն կը վերաբերի: Իմ հասկցածովս, ան ճիշդ էր,երբ Փութինին կը մատնանշնէր, որ Արեւելահայաստանը Պարսկաստանի լուծէն ազատագրելով Ռուսաստանը այն օրէն ի վեր բարոյական յանձնառութիւն կը վերցնէր հաջս հայութեան: Այս գծով, Ղարաբաղը, որուն Ատրպէյճանէն ազատագրումը իրականացաւ հայկական բազուկի ուժով ու Ռուսաստանի դրական տրամադրվածութեամբ, ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ,որ նոյն Ռուսաստանը այսօր արդիական զէնք ու զինամթերք կը վաճառէ հայութեան թշնամին նկատուող Ատրպէյճանին: Յստակ է, որ իբրեւ գեր պետութիւն, Ռուսաստանը իր շահերը կը պաշտպանէ ու այս առումով, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հողային հարցը անլոյծ ձգելով զանոնք իրմէ կախեալ կը պահէ: Սա մերկ իրականութիւնը ըլլալով հանդերձ Փութինին պիտի յիշեցնել տալ, որ առնուազն Հայաստանի նման գոծընկերոջ մը հետ նման վերաբերմունք ընդունելի չէ, մանաւանդ եթէ ի նկատի ունենանք այն,որ Հայաստանը այսօր իր աշխարհագրական դիրքով ռազմավարական խիստ կարեւոր խարիսխ է Ռուսաստանի համար:

Ի՞նչ հասկցանք այս բոլոր քննական ու վերլուծական փնտրտոքէն.- Առաջին հերթին այն՝ որ մեր ներկայ ընթացքը ինքնորոյն ընթացք մը չէ, այլ Եւրո-Կետրոն պատմագրական պարատիկմայի ընդօրինակուած մէկ տարբերակը:  Տեսանք նաեւ, որ մեր մտաւորականութիւնն ու ժուղովուրդը իր հայաստանեան ու սփիւռքեան հատուածներով տակաւին կը գտնուի հայրենասիրութեան մակարդակի վրայ ու նուաճած չէ ազգային –պիտի չուզենք ըսել ազգայնական – ինքնորոյն մակարդակ,որ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի ինքնորոյն ազգ-պետութեան կազմաւորում: Հասկցանք նաեւ այն, որ մեր ապրած տարածաշրջանի աշխարհագրական տուեալներուն բերումով մենք Եւրոպայի ծայրամասը չենք ու քաղաքական ու կենցաղային մակարդակներու վրայ եւրոպական տարազումները (իմա՝ րեֆորմիստ, reformist)  չեն կրնար պատասխան տալ մեր իրականութեան: Սա մեզ պիտի առաջնորդէ մեր ապրած տարածաղրջանի հանգամանքներէն մեկնելով որոնել մեր ապագայ ինքնորոյն երթը ու նաեւ լուսաւոր խթան հանդիսանալ մեր շրջապատին՝ որ ինքն ալ – կամ իր բաղադրիչ տարրերը հանդիսացող երկիրները – ձերբազատուի եւրոպական մոտելի կապանքներէն ու ընտրէ ինքնորոյն ճանապարհ: Գալով քաղաքական արեւելումի հիմնահարցին, կարծեմ յստակացաւ,որ այդ եւս տեղի ու պայմաններու բերումով  կ’որոշուի, ու ոչ թէ ընդօրինակուած պատումի մը տուեալներով: Այլ խօսքով՝ մենք այսօր գիտակցօրէն ընտրած ենք ռուսական արեւելում, բայց ոչ ռուսական ստրկացում…Գիտակցօրէն նաեւ ընտրած ենք Արեւմուտքի հետ ալ յարաբերութիւններ մշակել, բայց երբեւիցէ անոր խամաճիկը չդառնալ…

Եթէ ՀՀի այսօրուան իշխանութիւնները անորոշութեան եզրին հասցուցած են մեզ, այդ երբեք չի նշանակեր որ այդ ընթացքը յաւիտեանս պիտի շարունակուի: Ու եթէ հարցը ազգընդիր իշխանաւոր դասակարգի մը անգոյութիւնն է, ապա ճիշդ պիտի չըլլա՞յ ամբողջացնել այդ հաստատումը ու ընդգծել.- Իսկ ո՞ւր է ազգընտիր ու միացեալ քաղաքական ընդդիմութիւնը: ՀՀի 20 ու աւելի տարիներու պատմութիւնը մեզ մէկ բան ցոյց կու տայ, այն ալ այդ է,որ մենք նոյնքանով կը տառապինք ազգընտիր ու միացեալ ընդդիմութեան մը պակասէն: Աւելին, «միացեալ»ի հարցը մէկդի ձգելով, մեր «ընդդիմութիւն» կոչուածը այնքա՜ն իրարամերժ, կտրատուած ու «իրմէ զատ ուրիշը չտեսնել»ու հիւանդութենէն կը տառապի, որ իր նման վարքագծով իշխանութիւններէն աւելի ինքն ամլութեան իսկ կը մատնէ այս իմաստով ծլող երիտասարդական խայծերը: Դիւրին է այս բարդոյթը եւս օտարին վերագրել: Բայց, եկէք ընդունինք, որ նման բան արտաքին ուժի կամ ուժերու վերագրելը ապարդիւն փորձ է եթէ ոչ չքմեղանք՝ իրականութենէն խուսափելու: Երկրի ներքին հարցը ու անոր բարւոք լուծումը կը պատկանի նոյնինքն անոր ժողովուրդին: Բայց նման հարց լուծելու եւ ազգընդիր իշխանութիւն հաստատելու համար առանցքային է միասնական ընդդիմութիւնը, որը այսօրուան պայմաններով դեռ եւս խմոռուած չերեւիր, տակաւի’ն կարելիութիւն ունի իրականութիւն դառնալու: Մենք կարծեք տակաւի’ն քայլ մը ետ ենք վերադառնալով նախարարական շրջանի Primus Enter Pares-ի կացութեան, ուր իշխանութիւնը, որը իր բացարձակ իմաստով սրբութիւն համարելու փոխարեն այնպիսի ակտեր կը կատարենք, որ ենթադրել կուտան թէ պատրաստ ենք նոյնիսկ այդ սրբութիւնը խորտակելու, եւ իմացութիւնը չունինք,թէ նման բան ինչ ողբերգական կացութիւն կրնայ յառաջացնել հայկական նոր պետականութեան:   Հետեւաբար, մեր առջեւ կան երկու ուղիներ.- կամ այն որ անգամ մը եւս մենք զմեզ պիտի մխիթարենք իր անցեալով հպարտացող Խորենացիի «փոքրածու»ի խօսքերուն փոխաբերական իմաստ տալով եւ կամ յեղաղրջենք կացութիւնը ԱՌԱՆՑ հատու հարուած տալու «պետականութիւն» կոչուած ազգային հիմնական նախադրեալին :

Իբրեւ վերջաբան ամփոխավարութիւն ըրած չենք ըլլար եթէ ըսենք, որ հայ ժողովուրդը իր աւելի քան երեք հազարամեայ պատմութեան ընթացքին դիմագրաւած է այնպիսի դժուարութիւններ, որոնց դիմաց մեզմէ շա՜տ աւելի ուժեղ ու մարդաշատ ազգեր ու պետութիւններ չդիմանալով զիչած են ու ջնջուած՝պատմութեան էջերէն: Եթէ մենք դիմացած ենք, այդ մէկը բան մը կը նշանակէ ու նաեւ բան մը ցոյց կուտայ մեր ժողովուրդի դիմադրական ոգիին ու նկարագրին մասին: Ես կը կարծեմ որ միայն մետասաներորդ պահուն արտայայտուող մեր ժողովուրդի հաւաքական ուժին վրայ է,որ գրաւ պիտի դնենք ու պիտի փորձենք այդ բացառութիւն եղող յատկութիւնը բնականի վերածել…
ՅՂՈՒՄՆԵՐ

[1]«Հայկական Արեւելում», Հայրենիք Շաբաթաթերթ, Տեսնել http://www.hairenikweekly.com/archives/1708կայքէջը (վերջին անգամ այցելուած՝ Դեկտեմբեր 13, 2013ին): Վերեւի մէջբերումի մաս կը կազմէ «Հայկական Արեւելում» խորագրով Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի Դեկտեմբեր 12, 1982-ի համարով (ԺԳ Տարի, թիւ 45-45) լոյս տեսած խմբագրականին մէջ: Խմբագրականը, ըստ անոր գրակալն ոճին, գրուած է կուսակցութեան օրուան Բիւրոյի անդամ՝ Սարգիս Զէյթլեանի կողմէ, որ պաշտօնաթերթի խմբագիրն էր:

[2] Benedict, Anderson, Imagined communities: Reflections on the Origins and Spread of nationalism, Revised Edition (London: Verso, 2006), xiii.

[3]Նոյն, էջ 3:

[4]Սա եթէ ի նկատի ունենանք որ փուլը սկսած է Երուանդեաններով (4րդ դար ՄԹԱ), իսկ 15րդ դար ՄԹԱ, եթէ ի նկատի ունենանք Ուրարտականով սկսիլ: Այս յօդուածի նպատակներուն համար պիտի նախընտրենք սկսիլ Երուանդեան Հարստութեամբ:

[5]Խորենացիի յիշատակած երկու փաստաթուղթերը միասին առած կրնանք որակել իբրեւ հայկական «Մակնա Քարթա»ն (Magna Carta) գրուած ու գործի դրուած իրենց անգլիական տարբերակէն գրեթէ 7էն 8 դար առաջ:

[6]Տեսնել, օրինակի համար, Razmig Panossian, The Armenians: From Kings and Priests to Merchants and Commissars, (New York: Columbia University Press, 2006).

[7]Seta B. Dadoyan, The Armenians in the Medieval Islamic World: Paradigms of Interaction Seventh to Fourteenth Centuries, 3 Vol.s: The Arab Period in Arminyah Seventh to Eleventh Centuries, Vol. I,  (New Brunswick: Transaction Publishers, 2011), The Armenians in the Medieval Islamic World: Armenian Realpolitik in the Islamic World and Diverging Paradigms Case of Cilicia Eleventh to Fourteenth Centuries, Vol. II (2013);  The Armenians in the Medieval Islamic World: Medieval Cosmopolitanism and Images of Islam, Thirteenth to Fourteenth Centuries, Vol. III (2014).

[8]Այս հարցի կապակցութեամբ տեսնել եզրակացութիւններու բաժինը:

[9]Edward Said, Orientalism (London: Oxford UniversityPress, 1979).

[10]Ամենայնդէպս, իմ կարծիքս է որ Տատոյեանի հատորները հետաքրքրական կարդալու նիւթ է մեր սերունդի մասնագետներուն համար ու ներգործոն դեր պիտի ունենան հայ պատմաբաններու եւ սոցեալ մարզի գիտնականներու յաջորդող սերունդին վրայ, որոնք, անդրադառնալով այս պարատիկմական փոփոխութեան կարեւորութեան, փորձ պիտի կատարեն վերագրելու մեր ժողովուրդի պատմութիւնը:

[11]Encyclopedia Britannica-նկը նշէ որ Պաւղիկեան շարժումը «…[Քրիստոնեական] երկբնայ աղանդ մըն էր որ սկիզբ առաւ Հայաստանի մէջ 7րդ դարու կէսերուն, իբրեւ կնոստիգ շարժում…Պաւղիկեանները բիւզանդացի կայսրերու միջոցաւ քշուեցան դէպի թրակիա ուր ազդեցութիւն ունեցան նաեւ մակեթոնացիներու, պուլկարացիներու եւ յոյներու վրայ…»: Այս գծով տեսնել  http://www.britannica.com/EBchecked/topic/447143/Paulicianկայքէջը (վերջին անգամ այցելուած՝ 2 Դեկտեմբեր, 2013ին):

[12]Տեսնել http://en.wikipedia.org/wiki/Tondrakians կայքէջը (վերջին անգամ այցելուած՝ 2 Դեկտեմբեր, 2013ին): ըստ կարգ մը սկզբնաղբիւրներու, Թոնթրակեանները եւս բիւզանդացիներու ու հայ նախարարներու համատեղ ջանքերով քշուեցան դէպի թրակիա: Հետաքրքրական է նաեւ կարգ մը արեւմտեան սկզբնաղբիւրներու այն մատնանշումը թէ Պաւղիկեան ու Թոնթրակեան շարժումներու հիմունքները դարեր ետք տեղ գտան Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ դէմ ծաւալած Լուտերական շարժման մէջ:

[13]Թէեւ կաթողիկոսութեան առած այս քայլը կրնայ դիտուիլ իբրեւ նորակերտ թագաւորութեան մօտ ու հետ ըլլալու եկեղեցւոյ առած որոշումին, այսուհանդերձ մայր հայրենիքի մէջ ժողովուրդը լքելով ու զայն անտէր ձգելով նման կարգադրութեան դիմելը, ինչպէս հոն իշխանութիւն ու ապա թագաւորութիւն հիմնելը,  անբացատրելի կը մնայ պապենական հողի վրայ ազգի ուռճացման ու ազգ-պետութեան կերտման իմաստով: Տակաւի’ն, յօդուածի նեղ սահմաններուն մէջ անկարելի է անդրադառնալ հարցի էկումոնիգ խնդիրներուն ու մանաւանդ Կիլիկիոյ թագաւորութեան, Հռոմի պապին հետ մշակաղ դրական որոշ մօտեցումին, զոր, անպայման, կը մտահոգէր եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հայրերը…

[14]Joseph Emin, Life and Adventures of Joseph Emin (1726-1809), Second edition, revised by Amy Apkar, (India: Calcutta, 1918).Տեսնել նաեւ Sebouh D. Aslanian, “A Reader Responds to Joseph Emin’s Life and Adventures: Notes toward a “History of Reading” in Late Eighteenth Century Madras, Hnades Amsorya, No. 1-12, January-December 2012, 365-418.

[15]Պատերազմներն ու անոնց աւարտին համապատասխանող դաշնագիրները հետեւեալներն են.- 1-1804-1813ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը, որ աւարտեցաւ Կիւլիստանի դաշնագրով, 2-1826-1828ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը, որ աւարտեցաւ Թիւրքմենչայի դաշնագրով, 3-1828-1829ի Ռուս-Օսմանեան պատերազմը, որ աւարտեցաւ Ատրիանապոլսոյ դաշնագրով: յատկանշական է որ օսմանցիներու դէմ պատերազմի արդիւնքով Ռուսաստանը խլեց օսմանցիներու ենթակայ Ախալցխայի փաշայության մեջ, ուր Էրզրումէն հազարաւոր հայեր  եկան հաստատուելու Կարապետ Բագրատունիի Առաջնորդութեան օրերուն: Ռուսաստանը օսմանցիներէն խլեց նաեւ ներկայ ՀՀի հիւսիս-արեւմտեան փոքռ մէկ մասը:

[16]Տեսնել՝ Kemal Karpat, The Politicization of Islam, Reconstructing Identity, State, Faith, and Community in the Late Ottoman State (London: Oxford University Press, 2002), ինչպէս նաեւ՝ Kevork Bardakjian, “The Rise of the Armenian Patriarchate of Constantinople,” in Benjamin Braude and Bernard Lewis, Ed.s, Christians and Jews, vol. 1, 89-100.

[17]Benedict, Anderson, Imagined communities, “Chapter 3: The Origins of national Conciosness,” 37-47.

[18]Նոյն, էջ 37:

[19]Խաչատուր Աբովեան, Վերք Հայաստանի, Ողբ Հայրենասէրի, թուայնացուած բնագիրը տեսնել http://goo.gl/C0yQzfկայքէջի վրայ (Վերջին անգամ տեսնուած՝ Դեկտեմբեր 3, 2013ին): Վէպը 1824-1826 թուականներու պատմական անձուդարձերուն:

[20]Նոյն, էջ 2:

[21]Նոյն, էջ 9:

[22]Ակնարկութիւնը Ռաֆֆիի (Յակոբ Մելիք Յակոբեան) «Ճելալէտտին» եւ «Խենդը» պատմական վէպերու մասին է:

[23]Թուրքերէն բառ որ փախստական ավազակկը նշանակէ:

[24]Տեսնել http://hayeren.hayastan.com/english/poets.php?pr=rafi15.htmlկայքէջը Ճելալէտտինի թուայնացուած օրինակին համար (Վերջին անգամ տեսնուած՝ Դեկտեմբեր 13, 2013ին): Տեսնել նաեւ՝ Sarkis Atamian, The Armenian Community: The Historical Development of a Social and Ideological Conflict (New York: Philosophical Library, 1955), 79.

[25]Մելիքզադէ (Րաֆֆի), «Ի՞նչԿապԿայՄերևՏաճկաստանիՀայերիՄէջ», «Մշակ», Թիֆլիս, 1879, Թիւ 218:

[26]Հայկական «Միլլէթ»ի այս ներքին կանոնագրութիւնը, որ կը կրէր Ermeni Milletin Esasi Kanunu(Հայկական Միլլէթի Հիմնական Օրէնքը)օսմաներէն վերտառութիւնը, յետագային իբրեւ նմոյշ ծառայեց նաեւ կայսրութեան այլ Քրիստոնեայ «Միլլէթ»ներուն: Սուլթանի վաւերացումով սահմանադրութիւնը ստացաւ պետական-օրինական հանգամանք: Այս գծով տեսնել՝ Hagop L Barsoumian, The Armenian Amira Class of Istanbul (Yerevan: American University of Armenia Press, 2007).

[27]Սկսելով Էրզրումի մէջ «Պաշտպան Հայրենեաց»ով ու հասնելով Վանի՝ «Արմէնական»ներուն:

[28]Հրաչ Տասնապետեան, Պատմութիւն հայ Յեղափոխական Շարժման  Ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեանշ Խմբագ. Երուանդ Բամպուքեան (Պէյրութ: Համազգայինի Վահէ Սեթեան Տպարան, 2010), 20-22, 28-29:

[29] J.A.R. Marriott, The Eastern Question: An Historical Study in European Diplomacy (Oxford: Oxford Univ. Press, 1924), 398-99.

Տպել Տպել