Բախտախաղի գործած ոճիրը

Աշխարհը ինքզինք կրկին նետած է սարսափազդու յորձանուտի մը մէջ՝ մարդկութեան համար աննախատեսելի հետեւանքներով: Երեք տարի առաջ տնտեսական տագնապը հարուածած էր երկրագունդի ամենէն հզօր տնտեսութիւնը՝ Միացեալ Նահանգները:

Ներկայիս ան հերթով կ’այցելէ Եւրոպական Միութեան իւրաքանչիւր անդամ-երկիրը` սպառնալով քանդել եւրոպական ցամաքամասի խաղաղութիւնը երաշխաւորող ու տասնամեակներու համբերութեամբ կառուցուած միջավայրը՝ Եւրոպական Միութիւնը:

Թէ ինչո՞ւ այսպէս պատահեցաւ, աւելի քան պարզ է: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտին, հաստատելով արդիական պատերազմի մը պատճառած մարդկային ու նիւթական ահաւոր քանդումը, մարդկութիւնը ճիգ թափեց միջազգային պետական յարաբերութիւններն ու տնտեսաֆինանսական փոխանակումները կազմակերպել այնպէս, որ կարելի ըլլայ այդ մարզերէն ներս պահպանել միջազգային կայունութիւնը: Կազմուեցաւ ՄԱԿը՝ քննելու համար համաշխարհային կացութիւնը: Ստեղծուեցան միջազգային առեւտուրն ու տնտեսական փոխանակումները կարգաւորող հաստատութիւններ: Շուրջ երեք տասնամեակ մարդկութիւնը ապրեցաւ համեմատական խաղաղութեան ժամանակաշրջան մը, որուն ընթացքին հսկայական քայլերով յառաջդիմեցին գիտութիւնն ու արհեստագիտութիւնը, տնտեսապէս զարգացած երկիրներէն ներս օրէնքով ամրապնդուեցան աշխատաւորութեան եւ գիւղացիութեան ընկերային իրաւունքները: Այս հոլովոյթին մէջ մասամբ իր դերակատարութիւնը ունեցաւ անշուշտ Խորհրդային Միութեան Արեւմուտքի տնտեսական վերնախաւին վրայ ազդած վախը: Իրենց հասարակութիւններու վրայ խորհրդային քարոզչութեան ազդեցութիւնը վնասազերծելու նպատակով՝ անոնք մինչ այդ ճնշումի տակ պահուած հաւաքականութիւնները մասնակից դարձուցին տնտեսութեան արտադրած յաւելեալ արժէքի վայելքին: Մարդկութեան գէթ մէկ մասը կը թուէր անվերադարձ կերպով թեւակոխած ըլլալ եդեմական կեանքի ուղին: Նախորդ դարու ութսունական թուականերուն էր, երբ ընչաքաղցութիւնն ու ամբարտաւանութիւնը կրկին զգալի դարձան Արեւմուտքի մէջ: Որոշ չափով կանոնակարգուած միջազգային շուկայի օրէնքները հանգրուանային կերպով փոխարինուեցան ազատ շուկայի օրէնքներով: Իսկ Խորհրդային Միութեան տարբաղադրումէն ետք սկսաւ գործել կուսանտառային դրութիւնը. այդ դրութիւնը ի զօրու է մինչեւ այսօր: Երկրագունդը վերածուեցաւ հսկայական քազինոյի մը, ուր հսկայական դրամագլուխ կուտակած ընկերութիւններ կամ անհատներ կը մրցին պետութիւններու հետ: Բախտախաղի պարտուող կողմը առհասարակ պետութի՛ւնն է՝ տուեալ երկրի բնակչութեան համար ահաւոր հետեւանքներով: Կեանքի իրականութիւնը փաստեց, որ ներկայիս գոյութիւն ունեցող միջազգային տնտեսական համակարգը չափազանց վատառողջ է:

Միջազգային քազինոյի վերջին զոհը տնտեսական այս համակարգի ծնունդ տուողներէն՝ Եւրոպական Միութիւնն է: Եւրոպայի նման տնտեսապէս հզօր կառոյցին մէջ այսօր Յունաստանի, Իրլանտայի, Փորթուգալի, Իտալիոյ, Սպանիոյ հասարակութիւնները կ’ապրին առօրեայ սարսափի մէջ: Անոնք կը վերյիշեն իրենց ապրած աշխարհամարտի օրերը, երբ զինուորական գործողութիւններուն չափ տնտեսութեան քանդումին պատճառած սովը նոյնպէս մարդկային մեծաթիւ կեանքեր հնձեց: Պաղ պատերազմի ընթացքին համագործակցական կառոյցներու բուռն պայքարներով աշխատաւորութեան ձեռք բերած իրաւունքները աստիճանաբար կը քակուին, կը փոշիանան, կ’անհետանան յուսահատութեան մատնելով անհատներ, ընտանիքներ, ամբողջ խմբաւորումներ. վտանգուած է հասարակական անդորրութիւնը: Հասարակութեան իրաւազրկուող խաւը կ’ընդվզի, մասամբ կ’ըմբոստանայ, սակայն այդ ըմբոստութիւնը իր երբեմնի ուժգնութեան չի հասնիր, քանի գոյութիւն ունի աւելի վատ ապագայի մտահոգութիւնը: Տնտեսական վայրէջքի ընթացքը շատ արագ է, եւ հանգիստ կեանքի վարժուած հասարակութիւնները կաթուածահար եղած են. ուժգին հակազդելու դժուարութիւն ունին: Թէեւ գերազատական տնտեսական գործող դրութեան քննադատութիւնը սկսած է, սակայն անոր ճիրաններէն ազատագրումը բաւական դժուար դարձած է, քանի դժբախտաբար կը պակսին ժողովրդային ընդվզումը վարդապետազերծ ու իրապաշտ գաղափարական հիմունքներով հունաւորող ու առաջնորդող քաղաքական թեւերը: Եւրոպայի գրեթէ բոլոր ընկերվարական կուսակցութիւնները, մեղմ ըսուած, ձախողած են. խորքին մէջ՝ մեղսակից են:

Շուրջ քսան տարի առաջ՝ գերազատականութեան թագադրութեան օրերուն գերազատական գաղափարախօսներու կողմէ յայտարարուեցաւ մնացեալ գաղափարաբանութիւններու մահը: Այսօր, ազատականութեան շռնդալի ու մահասփիւռ ձախողութեամբ, հարկ է աւետել գաղափարականութեան վերածնունդը. իսկական ընկերվարութեան՝ արդարութեան, նիւթական արտադրութեան արդար բաշխումի, բոլորին համար հաւասար պատեհութիւններու, ազատութեան, ժողովրդավարութեան, հանդուրժողականութեան եւ նման իրաւունքներու պահանջաատիրութիւնը իրողական արդիւնքի վերածող շարժումներու վերաշխուժացումը կամ վերածնունդը: Եւրոպայի եւ Միացեալ նահանգներու փողոցները իջած երիտասարդութիւնը առաջնորդող գաղափարներու պէտք ունի: Առանց այդ գաղափարներուն դուռը բաց կը մնայ աջակողմեան կամ կրօնական ծայրահեղականութեան ու ազգայնամոլութեան աւերիչ գաղափարաբանութիւններուն առջեւ:

Հայաստանը այս իմաստով խոցելի երկիր է: Ան եօթանասուն տարի շարունակ կրեց համայնավար կեդրոնացեալ բռնատիրութեան լուծը, որ կը յաւակնէր աշխատաւորութեան իրաւունքները պաշտպանել եւ ըրաւ ճիշդ հակառակը: Անկախութեամբ, ուղղակի հակազդելով նախորդ վարչակարգին, Հայաստան նետուեցաւ նորածին գերազատականութեան գիրկը. օրէնքով արտօնելի դարձաւ հանրային ինչքի համատարած կողոպուտը: Այսօր երկրէն ներս հրամայական է արդարութեան յաղթանակը. սկսելով տնտեսական արդարութենէն:

Կանգնեցնելու համար մահաբեր արիւնահոսութիւնը:

Տպել Տպել