Համահայկական հռչակագիր

aknark
Ասկէ քանի մը օրեր առաջ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի ծանրօրէն խորհրդանշական ամպիոնէն ՀՀ նախագահը ընթերցեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի հռչակագիրը:

Նկատի ունենալով Պետական Յանձնաժողովի բաղադրութիւնը, նկատի ունենալով մանաւանդ` որ հռչակագրի ընդունման նիստին ներկայ էին նաեւ ուղղակի գաղթօճախները ներկայացնող տեղական յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու բազմութիւնը, կարելի է պնդել, որ հռչակագիրը կը կրէ իսկապէս համահայկական բնոյթ. ան կ’արտայայտէ ամբողջական հայութեան մտածումն ու կամքը, ինչ կը վերաբերի իր մօտաւոր անցեալին եւ ապագային. կը պարփակէ անոր ռազմավարական նպատակները. անգամ մը եւս կը փաստէ, թէ ազգի ճակատագրին առնչուող հարցերուն նկատմամբ հայութիւնը միակամ է հակառակ իր աշխարհագրական ցրումէն իսկ պայմանաւորուած՝ յաճախ իրարու հակադիր նկարագիրներու եւ մտայնութիւններու վիճահարոյց բազմազանութեան:

Չափազանցութիւն չ’ըլլար մտածելը, թէ հռչակագրի պարունակութեան շուրջ գոյացած համախոհութիւնը ինքնին յաղթանակ մըն է: Հայութեան յաղթանակը՝ ինքն իր վրայ: Նշոյլը չկայ երբեմնի իմաստազուրկ հակադրութիւններու. հետքը չկայ դեռ մօտաւոր անցեալի օտարամուտ պարտադիր մտածումներու. հոգեհարազատ է հայութեան ազգային զգացումներուն եւ անոր պատմական ընթացքի տրամաբանութեան: Պէտք չկայ փաստելու, քանի ակնբախ է, որ հռչակագիրը հաւատարիմ մեկնաբանութիւնն է Պետական Յանձնաժողովի նախապէս որդեգրած կարգախօսին՝ «կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»-ին:

Յիշողութիւնը նորութիւն չէ: Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ի վեր հայութեան նորագոյն պատմութեան առանցքը կը կազմէ ցեղասպանութիւնը, որ գրաւած է իւրաքանչիւր հայու գիտակցական ու անգիտակցական էութիւնը: Նախ՝ իրողապէս, ապա սերունդներ վերջ՝ գոնէ հոգեպէս խոցուած հաւաքականութիւն մըն է հայութիւնը այդ օրէն ասդին: Ատիկա՛ է վստահաբար յատկապէս տեղահան սփիւռքահայութեան արտասովոր դիմադրողականութեան բացատրութիւնը: Սերունդներու ամբողջ շարքեր իրենց ինքնութիւնը սահմանեցին զերօ կէտով՝ 24 Ապրիլ 1915ով: Ակամայ եւ շրջապատի ուժեղ ազդեցութեան տակ մոռցած ըլլալով նոյնիսկ ամենէն տարրականը՝ լեզուն եւ աւանդութեան առիւծի բաժինը, անոնք ոտքի կանգնեցան մանաւանդ ա՛յդ օրը՝ մնացեալ հարիւրաւոր օրերու համար անհրաժեշտ սնունդը հաւաքելու համար: Բազմաթիւ անգամներ այս երեւոյթը ստուգելու առիթը ներկայացաւ վերջին տասնամեակներուն, յատկապէս՝ երբ հայութեան հարցերը սկսան միջազգային բեմին վրայ կրկին տեղ գրաւել:

Անշուշտ յիսնամեակ, հարիւրամեակ կամ այլ տարելից ու տարեդարձ որեւէ առարկայական դերակատարութիւն չեն կրնար ունենալ դէպքերու հոսքին վրայ. սակայն շատ անգամներ յետադարձ ակնարկով մը անոնք անկիւնադարձային կէտեր կը թուին ըլլալ: Այսպէս եղաւ Ցեղասպանութեան 50ամեակի պարագային: Մինչեւ այդ տարելիցները իսկական յիշատակի՝ կրօնական հոգեհանգիստի՛ օրեր էին. 50ամեակով անոնք քայլ առ քայլ վերածուեցան քաղաքական պահանջատիրութեան ցուցական աքթերու, որոնք սակայն իր ատենին միջազգային քաղաքական շօշափելի իրականութեան չէին համապատասխաներ, քանի միջազգային քաղաքական աշխարհը կ’ապրէր Պաղ պատերազմի ատեն կորիզային սարսափի պարտադրած կայունութեան մթնոլորտին մէջ: Յիսնամեակը, կարծես, ամբողջ ազգը իր արդէն իսկ քաղքենիացող երջանկութեան թմբիրէն արթնցնելու ծառայեց: Պէյրութն ու Երեւանը տուին ազդանշանը: Առաջինը՝ տասնեակ հազարաւորներու համազգային հաւաքով մը, երկրորդը՝ խորհրդային կարգերու համար աննախընթաց երիտասարդական համարձակ ցոյցով մը. Պէյրութը՝ ազատութեան մէջ, սակայն դժուարութեամբ ձեռք բերուած միջկուսակցական համաձայնութեամբ, Երեւանը՝ ազգային ներքին հրճուանքով, սակայն արտաքուստ՝ պետական զսպիչ մեքենայի գէթ ցուցականօրէն բիրտ բանեցումով: Հակառակ այն իրողութեան, որ ըլլա՛յ Սփիւռքի մէջ, ըլլա՛յ Հայաստանի մէջ շեշտը դրուած էր հողային պահանջատիրութեան վրայ, բայց եւ այնպէս յաջորդող այլազան ձեւի աշխատանքները բնականօրէն կեդրոնացան Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խնդիրին վրայ: Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, քանի Երկրորդ աշխարհամարտի թոհուբոհին մէջ ատենին աշխարհը յուզած հայկական հարցը մոռցուած էր արդէն. մարդիկ զբաղած էին երկրորդ աշխարհամարտի ընթացքին իրագործուած հրէական ողջակիզումով: Հարկ էր Հայոց ցեղասպանութիւնը կրկին գամել միջազգային հանրային կարծիքի, նոյնիսկ՝ մասնագէտներու ուղեղներուն մէջ: Յիսնամեակ մը վերջ այդ ժրաջան աշխատանքը տուած է իր պտուղները. հայկական խնդիրները նորէն զետեղուած են մարդոց գիտակցութեան մէջ: Ցեղասպանութեան փաստը ամրագրուած է ամենուրէք, նոյնիսկ այն պետութիւններուն մօտ, որոնք այլազան պատճառներով կը վարանին պաշտօնապէս յայտարարելու այդ ճանաչումը: Միայն Թուրքիա կը շարունակէ հետզհետէ խարխլող իր մերժողական դիրքորոշումը: Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման օրակարգը սպառած կը թուի ըլլալ:

Նոր հրապարակուած հռչակագիրը, որուն համահայկական բնոյթին կարեւորութիւնը կրկնելով շեշտելը երբեք աւելորդ չէ, դիւանագիտական՝ սակայն միաժամանակ բոլորին կողմէ հասկնալի ու աներկբայ լեզուով ցեղասպանութեան ճանաչումէն անցում կը կատարէ դէպի հողային պահանջատիրութիւն: Միայն քաղաքագէտն ու պատմաբանը չէ, որ կ’անդրադառնայ այս իրողութեան: Վերջիվերջոյ «Սեւրի հաշտութեան պայմանագիր» եզրին նշումը հռչակագրին մէջ պատահական չէ, մանաւանդ՝ երբ անմիջական շարունակութեան մէջ կը կարդանք՝ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հարցին մէջ»: Հայութեան հողային պահանջատիրութիւնը աւելի յստակ կերպով կարելի չէ արտայայտել երկրի մը նախագահի ստորագրութիւնը կրող փաստաթուղթի մը մէջ.
հանրայայտ է, որ ՀՀ նախագահը միաժամանակ Պետական Յանձնաժողովի նախագահն է:

Ասիկա՛ է Հռչակագրի բարոյական մեծ արժէքը: Հայկական պահանջատիրութիւնը ամբողջական է. պահանջատէրը միայն աշխարհասփիւռ ու իրերու բերումով անհասցէ՝ հարիւրամեակ մը առաջ տեղահանուած ժառանգորդը չէ, այլ նաեւ միջազգային իրաւունքի տէր ու ենթակայ՝ ՄԱԿի անդամ հայկական պետութիւնը: Հռչակագիրը ազգային իսկական նուաճում է՝ պատմական յառաջընթաց:

Հայութիւնը տասնամեակներ մաքառեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը միջազգային բեմին վրայ վերակենդանացնելու համար. յաջողեցա՛ւ: Հողային պահանջատիրութեան հարցը շատ աւելի դժուար ու բարդ է. հետեւաբար՝ շատ աւելի զոհողութիւն ու ժամանակ կը պահանջէ: Սերունդները ըստ այնմ պէտք է պատրաստուին:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Տպել Տպել