Հռչակագիրը չի սահմանափակուիր 100-ամեակով

aknarkՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի 5-րդ ժողովը պատմական համարուելու բոլոր տուեալները կ՜ամբողջացնէ։ Համայն հայութիւնը`Հայաստանի հանրապետութեամբ, Արցախի հանրապետութեամբ եւ Սփիւռքով, իր պետական, հոգեւորական թէ ազգային-հասարակական ներկայացուցչիներով հաստատած է գուցէ ամէնէն համահայկական փաստաթուղթը, որուն շուրջ կայացած է ներազգային համաձայնութիւնը։ Այս մէկը առաջնային խորհուրդն ու յաջողութիւնն է այս կարեւորագոյն իրադարձութեան։

Փաստաթուղթի նախագիծը քննարկման առարկան դարձած է հայկական աշխարհի բոլոր ներկայացուցչական մարմիններուն կողմէ։ Ներկայացուցչական հանգամանքները այստեղ եւս պէտք է ընկալել պետական, հոգեւորական եւ հասարակական առումներով։

Այս հռչակագիրը այն փաստաթուղթն է, որ ոչ միայն իբրեւ ուղենիշ պիտի յատկանշէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով ձեռնարկուած աշխտանաքները, այլ անկէ անդին իբրեւ համահայկական ռազմավարութեան հայեցակարգ իր հիմնադրոյթներուն շուրջ պիտի յաջողի համախմբել համահայկական առաջնահերթ բնոյթի աշխատանքները։ Ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը յաճախ յղում պիտի կատարէ այս հռչակագրին իր հետագայ ռազմավարական նախագիծերը մշակելու աշխատանքներուն ընթացքին։

Համահայկական հասարակութեան ձեւաւորման ու կայացման, բայց նաեւ համահայկական նոր կառուցակարգերու յառաջացման առաջադրանքին մեկնակէտը կարելի է համարել այս հռչակագիրը, որուն բովանդակութիւնը ամբողջականութեան եւ համակողմանիօրէն ընկալելիութեան առումով աննախադէպ է։

Հռչակագիրը սակայն, ուղերձ ունի նաեւ ցեղապան պետութեան այսօրուան ժառանգութիւնը առանց երկմտանքի ստանձնած եւ ժխտողականութեամբ այդ քաղաքականութեան շարունակականութիւնը իրականացնող Անգարայի պետութեան, որ արդէն խորապէս անհանգիստ հայկական կողմի դրսեւորած միակամութեան դիմաց, կը շարունակէ հայութեան հատուածներուն միջեւ հակասութիւններ փնտռելու եւ խաբուսիկ գործողութիւններ կատարելու հնամաշ ոճով յատկանշուած քաղաքականութիւնը։

Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման կամ յաղթահարման միտող իրաւական փաստաթուղթերու հոլովոյթի ներկայացումը, ճանաչման, դատապարտման, հատուցման նշումները` մինչեւ Սեւր ու Ուիլսընեան իրաւարար վճիռ, պահանջատիրութեան պետականացման ամրագրման յայտարարութիւններ են, որոնք հայկական կողմին հետ հաշուի նստելու պարտաւորութիւնը կը յուշեն Թուրքիոյ։

Այս հռչակագիրը պետական եւ հասարակական մօտեցումներու, ընկալումներու եւ դրսեւորումներու միջեւ հասկնալիօրէն ոճային տարբերութիւններէն վեր նպատակային նոյնութիւն եւ գաղափարախօսական համազգայնութիւն կ՜ընդգծէ, զոր շրջանցելը անհնարին է։

Միջազգային փաստաթուղթերուն կատարուած տեղին նշումները, իրաւական հարթութեան կարեւորումը, ազգային նպատակներու բանաձեւումը, ու տակաւին թուրք հասարակութեան մէջ երանգային տարբերութիւն նկատելն ու միջազգային հանրութեան ճիշդ ուղերձ փոխանցելը հռչակագրի բովանդակութեան կ՜ապահովեն համազգային տարողութիւն։

Հռչակագրի ընթերցման վայրը եւս զուտ արարողակարգային կամ ընթացակարգային բացատրութիւն չունի։ Խորքային իմաստ կը պարփակէ նման հռչակագրի երկրի ղեկավարին կողմէ ընթերցումը հայկական աշխարհի ներկայացուցչիներու ներկայութեան, Ցեղասպանութիւնը եւ համազգային պահանջները խորհրդանշող Ծիծեռնակաբերդի մէջ։

Իրադարձային նշանակութիւն ունին թէ՜ փաստաթուղթի բովանդակութիւնը, թէ՜ անոր մշակման եւ հրապարակման եղանակները, թէ՜ վայրը։

Նման բովանդակութեամբ փաստաթուղթի ամրագրումէ ետք, հայութեան առաջնային խնդիրները հետապնդելու համար անյետաձգելիօրէն անհրաժեշտ են նոր կառոյցներ, ուր պիտի համախմբուի հայկական աշխարհի ներկայացուցչութիւնը։ Պետական յանձնաժողովի 4-րդ նիստին հնչած համահայկական խորհուրդը առաջադրուած կառուցակարգի մեկնարկային քայլն է։

Հռչակագրի ոգին կը պահանջէ համահայկական նոր կառոյցներու ձեւաւորումը։100-ամեակէն անդին, հաստատութենական հիմիքի վրայ կայացած նոր համակարգերով։

Շահան Գանտահարեան

Տպել Տպել