Գալիփոլին հակաքայլ՝ երկու ուղղութեամբ

aknarkԳալիփոլիի հակաքայլով Անգարան պարզ դարձուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումներու չէզոքացման միտող իր քաղաքականութիւնը։ Գալիփոլիի 100-ամեակի նշման պաշտօնական յայտարարութենէն ետք էր միայն, որ պաշտօնական Անգարան յստակ դարձուց, որ պիտի չմասնակցի հայոց Ցեղապսանութեան 100-ամեակի Երեւանեան նշումին ներկայ ըլլալու ՀՀ նախագահի հրաւէրին։

Մինչ այդ, փաստօրէն Թուրքիոյ նախագահին լռութիւնը հրաւէրին չընդառաջելու հիմնաւորումի բացակայութիւնն էր։ Հիմա, Գալիփոլի-Հայոց ցեղասպանութիւն կամ Անգարա-Երեւան նշումներու մրցապայքարի ազդանշանը տրուած է։

Փորձենք ամփոփոել, որ այս մրցապայքարին մէջ հայկական կողմը ի՞նչ առաւելութիւններ կրնայ ձեռք ձգել։ Անշուշտ, այս մօտեցումը բնաւ չ՜անտեսեր թրքական վարչամեքենային եւ համապատասխան բաժանմունքներու ի գործ դրած հսկայական միոցներով իրականանալիք չէզոքացման միջոցառումները։

Պետական մակարդակներու վրայ, պէտք է ակնկալել ,որ միեւնոյն պետութիւնը ներկայացուցիչներ ուղարկէ թէ՜ Երեւան եւ թէ՜ Անգարա։ Այստեղ խնդիրը կը կեդրոնանայ տուեալ պաշտօնատարին զբաղեցուցած պետական հանգամանքի աստիճանաչափին։ Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ որքան ալ իրազեկուի տուեալ պետութիւնը, թէ Գալիփոլիին նշումի թուականը շարժական չէ, թէ այս պարագային ապրիլ 24-ի ընտրութիւնը պարզապէս չէզոքացման միտող հակաքայլ է, այնուամենայնիւ հրաւէրներուն ընդառաջելու պետական շարժառիթները զուտ քաղաքական են։ Նման պահուածքներու մէջ քաղաքական տուեալ պահու թելադրած հանգամանքները շատ աւելի գերակշիռ են, քան արժէքներու նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերումներու հետեւողականութիւնը։

Հայկական կողմը, քաղաքական տրամաբանութեան այս պարունակին մէջ վստահաբար նկատի կ՜ունենայ Անգարայի հետ առեւտրատնտեսական ոչ նկատառելի յարաբերութիւններ ունեցող պետութիւններու շրջանակները, առաջին հերթին։ Ցեղասպանութեան եւ նոյնիսկ Արցախի անկախութեան ճանաչման վերջին բանաձեւերը կը յուշեն, որ հարաւային ամերիկեան երկիրները այդ առումով համեմատաբար նպաստաւոր ենթահող ունին։ Անկախ գաղափարական բարենպաստ ընդհանուր մթնոլորտէն, այստեղ Անգարան ճնշելու մեծ հնարաւորութիւններ չունի։ Հարաւային Ամերիկայի տարբեր երկիրները կրնան ուրեմն առաջնակարգ դէմքերու մակարդակով մասնակցիլ 100-ամեակի երեւանեան նշումներուն։

Հրաւէրներու ընդառաջումներ կրնան արձանագրուիլ նաեւ Անգարա եւ տուեալ պետութիւն լարուած յարաբերութիւններու իրավիճակէն մեկնած։ Եգիպտոսը օրինակ մը կրնայ հանդիսանալ այս իմաստով։ Քաղաքական յուշարարութեամբ բեմ բարձրացող նման օրինակներու շարքը կարելի է երկարել։ Յստակը այն է, որ արժէքի փոխարէն քաղաքական պահի թելադրած կանոնն է այստեղ գործող քերականական չափորոշիչը։

Անկախ նաեւ հայկական կողմի աշխարհագրական առաւելութենէն` աշխարհատարած կազամակերպ համայնքներու ցանցային կառոյցը եւ աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներուն մէջ 100-երորդ տարելից նշելու ծրագրիները, տեղւոյն պետական-հասարակական կառոյցներու մէջ հայկական գործօնի ներգրաւուածութիւնն ու ազդեցիկութիւնը, այլ կարեւոր հանգամանք եւս գոյութիւն ունի յոբելինական այս մրցապայքարին մէջ, իբրեւ հայկական կողմի առաւելութիւն։
Առաջին հայեացքով նշումնային մրցապայքարը Երեւան-Անգարա է։ Կարեւոր ենթամրցապայքար մը կայ, որ խորքային դիտարկումով հետզհետէ կը սկսի երեւիլ աւելի յստակ։ Պաշտօնական Անգարա-թրքական հասարակութիւն պայքարի մասին է խօսքը, որուն առանցքը այս պարագային ցեղասպանութիւնն է։ Ի հարկ է գերխանդավառուիլը օգտակար չէ այս պարագային։ Այնպէս չէ, որ թրքական դաշտը բեւեռացած է այս հարցին շուրջ կամ խոր պառակտումներու կրնայ առաջնորդել։ Այսուհանդերձ, ճեղք չնկատելը այս հարցին մէջ իրատեսական պիտի չըլլար։

Գաղտնիք չէ, որ Թուրքիոյ կարեւորագոյն քաղաքներուն մէջ պիտի յիշատակուի Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Տարբեր բնոյթի կազմակերպութիւններ կոչեր կը հրապարակեն Գալիփոլիի ձեռնարկներուն չմասնակցելու եւ փոխարէնը Երեւան մեկնելու։ Նոյն այդ կազմակերպութիւնները սակայն, անուղղակի կոչ ըրած կ՜ըլլան ոչ թէ միայն Երեւան մեկնելու, այլ նաեւ Թուրքիոյ մէջ իրենց կազմակերպած ապրիլեան ձեռնարկներուն ներկայ ըլլալու։

Գալիփոլին հետեւաբար, միայն Երեւանին հակաքայլ չէ, այլ միեւնոյն Թուրքիոյ մէջ ապրիլեան նախաձեռնութիւնները ծխածածկելու կը միտի։ Գալիփոլին երկու ուղղութեամբ պայքարելու անհրաժեշտութեան առջեւ է այսօր։

Անգարան անվերջ փորձ կը կատարէ իր ապրած ներքին երկուութիւնը տեղափոխել հայկական դաշտ, Հայաստանի հանրապետութիւն-Սփիւռք տարանջատման քարոզչաքաղաքական խաբկանքներ հրամցնելով։ Հռչակագիրը վճռական պատասխան է նման սադրանքի։ Հայկական կողմը յստակ առաւելներ ունի այս մրցապայքարին մէջ։

Շահան Գանտահարեան

Տպել Տպել