
Գալիփոլիի հակաքայլով Անգարան պարզ դարձուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումներու չէզոքացման միտող իր քաղաքականութիւնը։ Գալիփոլիի 100-ամեակի նշման պաշտօնական յայտարարութենէն ետք էր միայն, որ պաշտօնական Անգարան յստակ դարձուց, որ պիտի չմասնակցի հայոց Ցեղապսանութեան 100-ամեակի Երեւանեան նշումին ներկայ ըլլալու ՀՀ նախագահի հրաւէրին։ Մինչ այդ, փաստօրէն Թուրքիոյ նախագահին լռութիւնը հրաւէրին չընդառաջելու հիմնաւորումի բացակայութիւնն էր։ Հիմա, Գալիփոլի-Հայոց ցեղասպանութիւն կամ Անգարա-Երեւան…



