
1956ի՝ Սուէզի եւ Հունգարիոյ զոյգ տագնապներէն ետք, մօտաւորապէս 10 տարի, աշխարհը համեմատական խաղաղ, այսինքն արիւնալի պատերազմներէ հեռու ժամանակաշրջան մը բոլորեց, մինչեւ որ համաշխարհային թատերաբեմին վրայ ուժերու հաւասարակշութիւնը նոր ցնցումի ենթարկուեցաւ, այս անգամ 1967ի արաբ իսրայէլեան պատերազմով: Իսրայէլ գրաւեց Սինայի թերակղզին, Արեւմտեան Ափը, ինչպէս նաեւ Կոլանի բարձունքները: Այս պատերազմը հիմնովին տակնուվրայ ըրաւ ոչ միայն Մ. Արեւելքը,…