
Հայկական Սփիւռքը միաձոյլ եւ մէկ ամբողջութիւն չէ եղած եւ չի կրնար ըլլալ։ Ենթակայ ըլլալով տուեալ երկրի շրջապատէն պարտադրուած իրավիճակներու, Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղթօճախ զարգացուցած է իր սեփական նկարագրային եւ ոճային յատկութիւնները։ Այս կացութիւնը, անշուշտ, արդիւնք է բնական հոլովոյթի, որ անխուսափելի է որեւէ հայկական գաղութի պարագային։ Սակայն իր նպատակային կեցութեան մէջ Հայկական Սփիւռքը զարգացուցած է միաձոյլ եւ…


