
ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ.- Դաշնակցականի կերպարի բիւրեղացումը եւ զարգացումը Հ.Յ.Դաշնակցութեան կենսագրութեան սերտօրէն շաղկապուած է։ Այդ կերպարին մասին դաշնակցական բազմաթիւ մտածողներ իրենց հեղինակաւոր խօսքը ըսած են։ Սակայն վերջին տասնամեակներուն, յատկապէս Արցախի ազատագրումը, Հայաստանի վերանկախացումը, Հ.Յ.Դաշնակցութեան՝ սեփակա՛ն պետութեան մէջ գործելու պատմականօրէն արժէքաւոր հանգամանքը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային քաղաքական թէ գաղափարական զարգացումները կ՛ընդգծեն Դաշնակցականի կերպարին նոր որակ մը նուաճելու անհրաժեշտութիւնը։ «Դրօշակի»ի…