
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Ընկերներու առաջարկին ընդառաջելով, 1980ին լոյս տեսած իմ այս յուշագրական յօդուածը կարգ մը յստակացումներով կը տեղադրեմ Դիմատետրի իմ էջին վրայ: Այսօր յուզումով կ՛անդրադառնամ, որ երբ ան կը գրուէր, մենք դեռ չունէինք վերականգնուած անկախ պետականութիւն եւ քաղաքականացած ծաւալուն սփիւռք: Պիտի խոստովանիմ, որ անոր ընթերցումը (հրատարակութեան թուականէն գրեթէ քառասուն տարի ետք) իմ մէջ արթնցուց յիշողութիւններու ամբողջ…