
Յունաստան ամիսներէ ի վեր կը ղեկավարուի Եւրոպայի մէջ երկար ժամանակ իր օրինակը չունեցող ձախակողմեան կառավարութեան մը կողմէ: Աւելի քան հինգ տարիներէ ի վեր տնտեսական գրեթէ տեւական ճգնաժամը արիւնաքամ ըրած է պետութիւն եւ ժողովուրդ: Երբ եւրոյի իբրեւ հասարակաց դրամանիշ որդեգրման օրերուն Յունաստան հպարտօրէն եւրոգոտի կը մտնէր, ժողովրդային տօնախմբութիւն էր: Այսօր այդ նոյն պատճառով երկիրը մոխիրներու վրայ…